Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գերմանիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չվատթարանան» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

June 4, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

TFM1_60316

Թուրքիոյ վարչապետ Պենալի Եըլտըրըմ` անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, յայտնեց. «Ինչ ալ ըլլան պայմանները,  մեր բարեկամներուն ու դաշնակիցներուն հետ մեր յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին: Թուրքիան եւ Գերմանիան կարեւոր դաշնակիցներ են, ուստի ոչ ոք թող սպասէ, որ Գերմանիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները արագ կերպով ամբողջովին պիտի վատթարանան: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ տեղի ունեցածին նկատմամբ լուռ պիտի մնանք»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս նոյն հարցով հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Գերմանիոյ մէջ, ուր բազմաթիւ մարզերու մէջ իրենց ազատութիւնները հանգիստ կը կարենան օգտագործել, 1915-ի դէպքերուն առումով ճնշող մթնոլորտ է: Հասկնալ փորձելու փոխարէն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1915-ին, հայերու պատմածէն մեկնելով երկրին մէջ երկար տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տարուի, բազմաթիւ գիրքեր, վաւերագրութիւններ եւ շարժանկարներ կը ներկայացուին գերմանացի հանրութեան` ստանձնելով միակողմանի եզրայանգումներ ձեւաւորելու պարտականութիւնը»:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ «Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումը ամօթալի է»` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ «պատմութեան քաղաքականացումը, անցեալի մասին ազատ խօսիլը արգիլելը» եւ բանաձեւը կ՛որակէ իբրեւ «իրաւունքի ոտնահարման օրինակ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուցած է «Փերինչէք ընդդէմ Զուիցերիոյ» հարցով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը, որուն մէջ կը նշուի. «Հայոց ցեղասպանութիւնը ապացուցուած իրականութիւն չէ եւ ազատօրէն կրնայ քննարկուիլ»: Նշենք, որ այդ վճիռը հետագային վերատեսութեան ենթարկուած էր:

«Անատոլու» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած 4 կուսակցութիւններէն 3-ը` իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնները որդեգրեցին Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը դատապարտող միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ որոշումը որակեցին «անարդար եւ անհիմն»: Անոնք սպառնացին, որ այդ բանաձեւը «պիտի վնասէ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ բարեկամական կապերուն»:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Յորդորէ Թուրքիան Եւ Հայաստանը` Կառուցողական Երկխօսութեան Սկսելու

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներ-Նալբանդեան Հանդիպում

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.