ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ երէկ գրած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը յոյս ունի, որ յունիսին տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը:
«Կարեւոր բանակցութիւններ վարած ենք Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ լուծման հարցով: Մենք յունիսին կ՛ակնկալենք նախագահներու հանդիպում», գրած է ան: