
«Թրիպիւն տը Ժընեւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ժընեւի տեղական իշխանութիւնները արտօնած են «Թրեմպլէ» պուրակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած «Յիշողութեան լապտերներ» յուշարձանի տեղադրումը:
Ժընեւեան օրաթերթը կը նշէ, որ թէեւ յուշարձանի գաղափարը ի յայտ եկած է շուրջ տասնամեակ մը առաջ, սակայն հայկական համայնքը ատոր տեղադրումին արտօնութիւնը ստացած է միայն անցեալ շաբաթ:
Բայց եւ այնպէս, պայքարը տակաւին չէ աւարտած. փաստաբան Իվ Նիտեկեր յայտնած է, որ պիտի բողոքարկէ յուշարձանի տեղադրման մասին որոշումը, որովհետեւ ունի այս հարցին վերաբերեալ 14 քաղաքացիի դիմում-բողոքները:
«Թրեմպլէ պուրակը կանաչ տարածութիւն է: Հետեւաբար, ոչինչ կրնայ այստեղ կառուցուիլ` բացառութեամբ հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող կառոյցներէն, որոնք անմիջական կապ ունին տարածքի օգտագործման հետ: Ասիկա այդ դէպքը չէ, որովհետեւ դիմողը սեփական կազմակերպութիւն է, որ կը հետապնդէ սեփական շահերը», ըսած է փաստաբանը: Ան նշած է, որ 9 մեթր բարձրութիւն ունեցող լապտերները կրնան վատ ազդեցութիւն ունենալ պուրակին վրայ:
Անդրադառնալով Ժընեւի քաղաքային իշխանութիւններուն տուած որոշումին` նախագիծի գործավար Շթեֆան Քրիսթենսեն նշած է, որ չէ կասկածած իրենց ծրագիրի յաջողութեան: «Ասիկա կարեւոր քայլ է, մենք գոհ ենք», ըսած է ան` համոզում յայտնելով, որ յուշարձանի տեղադրման դէմ հանդէս եկողները քաղաքական շարժառիթներ ունին: «Ցաւալի եւ ապշեցուցիչ է տեսնել, որ այստեղի մարդիկ ժխտողներու կողմէ են», ըսած է Քրիսթենսեն:


