
«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ եւրոպաբնակ թուրքերը կը պատրաստուին լայնածաւալ ցոյցեր կատարելու` բողոքելու համար Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկուելիք Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ, որ քուէարկութեան պիտի դրուի 2 յունիսին:
Թրքական «Ուլուսալքանալ» լրատուական կայքը կը գրէ, որ թրքական շարք մը կազմակերպութիւններ ժողով գումարած են եւ որոշած 28 մայիսին, մայրաքաղաք Պերլինի մէջ բողոքի ցոյց մը կատարել: Ցոյցէն ետք տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ` դէպի Գերմանիոյ խորհրդարանի շէնքը: Ցոյցին աջակցութիւն յայտնած է Կրօնական հարցերով թուրք-իսլամական միութիւնը, որուն հովանիին տակ կը գործեն 896 կազմակերպութիւններ:
28 մայիսի ցոյցին պիտի մասնակցին առնուազն 14 կազմակերպութիւններ, որոնք ունին հազարաւոր անդամներ: Մասնակից կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ կը նշուի նաեւ Գերմանիոյ թուրք-ազրպէյճանական միութեան անունը:


