ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նոր բարեկամութիւն մը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Այսուհանդերձ, ձեր գիտելիքները անմիջապէս մի՛ յայտնէք անոր, վերապահ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կ՛ուզէք, որ ուրիշներ ձեզի աւելի աշխատանք վստահին, բայց այս կապակցութեամբ ձեր հաւանութիւնը չէք տար: Արտայայտեցէք ձեր ակնկալութիւնները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի գտնէք նոր աշխահանք մը` ընթերցանութեամբ: Մարդիկ պիտի թելադրել ձեզի կարդալ լաւ գիրքեր: Գոհ պիտի մնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ստացած օժանդակութիւնը ձեզի պիտի ապահովէ ձեր ապագան: Տակաւին կայ բաւական անորոշութիւն, բայց կարելի է զայն կարգադրել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բանակցելու հարց մը ունիք, պատրաստուեցէք, ինչ որ շատ օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի: Հետեւեցէք շուրջիններու խրատներուն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուրախ պիտի ըլլաք, որ շաբաթը վերջանալու վրայ է: Այս կը նշանակէ, թէ յոգնած էք աշխատելէ, հանգիստի պէտք ունիք: Ստեղծեցէք հանգստանալու ժամեր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք ձեզի արտօնեցէք ունենալ ժամանցի եւ հագիստի պահեր, եթէ այս մասին դուք չմտածէք, ուրիշներ օգտակար չեն կրնար ըլլալ ձեզի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անցեալի մասին մտածելով` կարօտաբաղձ մի՛ ըլլաք: Ինչ որ կը մտածէք իրագործելու ապագայի մասին, կարեւոր է եւ հետաքրքրական:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շաբթուան էջը փակեցէք եւ շաբաթավերջի պահերը կարգադրեցէք: Փակագիծ մը բացէք, հեռու օրուան հոգերէ եւ մտմտուքներէ. շատ պիտի օգտուիք եւ ուրախանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երկար պիտի տեւէ աշխատանքի օրը նոր գործերով, թէեւ պիտի վճարուիք: Հոգ չէ` թէ քիչ մը յոգնիք, բայց յաւելեալ եկամուտ մը կ՛ուրախացնէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ֆիզիքապէս լաւ վիճակի մէջ էք, առողջ էք եւ ձեր եռանդը պիտի օգտագործէք նոր յաջողութիւններու հաշուոյն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գիւղի օդը ձեզի համար շատ թելադրական է: Գացէք վայելելու բնութիւնը, հեռու` աղմուկէ, որպէսզի առողջ եւ խանդավառ ըլլաք: