ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ցոյց տուէք, որ դուք կարողութիւնը ունիք յարմարելու ամէն բանի: Ձեզի պիտի առաջարկեն նոր աշխատանքներ, զորս պիտի կատարէք ամենայն լրջութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ընկերային կամ բարեսիրական միութիւն մը նիւթական օգնութեան պէտք ունի, պատրաստ եղէք օգնելու: Մարդասիրական ձեր զգացումը պիտի գնահատուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ, նոյնիսկ ձեր թոռնիկները պիտի վստահին ձեզի: Հետեւեցէք անոնց խաղերուն եւ ուրախացուցէք զիրենք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարի տրամադրութեամբ անձ մը ձեզի վստահութիւն պիտի ներշնչէ ուրիշներէ աւելի: Կը բաւէ ձայն մը` լսելու համար սրտին բարիքը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր կարգ մը սովորութիւններէն կը գանգատին ձեր շուրջինները. ասիկա լաւ վերաբերում մը չէ: Ջանացէք յարմարիլ ուրիշներուն:»
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի լսէք այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք պիտի ամչցնեն ձեզ, ինչպէս` սիրոյ արտայայտութիւններ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրը պիտի անցընէք ձեր զաւակներուն եւ թոռներուն հետ, ինչ որ ձեզի հաճոյք պիտի պատճառէ: Պիտի վերյիշէք ձեր մանկութիւնը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մեծերը մոռնալ կը ձեւացնեն իրենց խոստումները, բայց մանուկները զանոնք կը յիշեցնեն: Եթէ սուրբերուն եւ մանուկներուն բան մը խոստացած էք, կատարեցէ՛ք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր պիտի ընէք այնպիսի գործեր, որոնք ձեր սովորութեան մէջ չեն: Հակառակ ձեր սովորութեան` պիտի կատարէք նոյնիսկ անկարելին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի հանդիպիք անձի մը, որուն խօսակցութիւնը ձեզ պիտի հրապուրէ: Հետեւեցէք անոր կարծիքներուն, որոնցմէ կրնաք օգտուիլ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ոչինչ աւելի գէշ է, քան ընտանեկան գաղտնիքները, զորս մանուկները իրարու կը փսփսան գիտակից անձերու պէս: Հրապարակաւ գաղտնիքներ մի՛ արտայայտէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուշադիր պէտք է ըլլաք. ձեր կարծիքները հասարակաց բնոյթ պէտք է ունենան: Բամ բասանքը խոտոր կը համեմատի ընտանեկան կամ ընկերային կեանքին:
