ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ինչ կը վերաբերի բախտախաղի ձեր փափաքին, պիտի չկարենաք ձեր ուզածին տիրանալ: Պէտք է հեռու մնալ նման արկածախնդրութիւններէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ցուլերը կարիքը ունին նոր հորիզոնի մը դիմելու: Ներկայիս ճամբորդելու հարց մը ձեր մտքին մէջ կ՛արծարծէք: Կատարեցէք անվախօրէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երբեմն ձեր բարեկամները կը փափաքին օգտակար ըլլալ ձեզ որեւէ ձեւով: Այսօր ձեզ պիտի ներկայանայ օգտուելու առիթներ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բոլորին հանդէպ ջղային վիճակ մը ունիք, օրինակ ձեր ընտանիքին, գործակիցներուն, բարեկամներուն հանդէպ: Ոչ ոք ձեր աչքին լաւ պիտի երեւի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Միշտ տրամադիր էք վերապահ մնալու շաբաթը չէ աւարտած, ուրեմն դանդաղեցուցէք ձեր մտածումներուն կշռոյթը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ճաշի դադարի պահուն առանձին մնացէք, կամ ընտրեցէք լաւ գործընկեր մը: Եթէ ոչ` հարցերը կրնան հակառակ ուղղութեամբ ընթանալ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզմէ շատ գործեր պիտի պահանջեն, պիտի յոգնեցնեն ձեզ, սակայն փոխարէնը ոչինչ պիտի ստանաք: Հանդարտ մնացէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի ունենաք բովանդակալից խօսակցութիւն մը: Ձեր խօսակիցը ձեզի պիտի ուղղէ անսովոր հարցումներ, որոնց պիտի պատասխանէք իմաստութեամբ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ լաւագոյն արդիւնքը պիտի տաք: Ձեր շուրջինները գոհ պիտի մնան ձեր ընթացքէն, շարունակեցէք նոյն ձեւով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Փոխուելու համար ոչինչ փոխեցէք: Շարունակեցէք ձեր որոշումով: Կարեւորութիւն մի՛ տաք շուրջիններուն կարծիքներուն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր կարծիքը մի՛ փոխէք, ոչինչ ունիք սորվելու ուրիշներէ: Ձեր գիտութիւնը եւ շնորհները բաւարար են ձեզ յաջողութեան հասցնելու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր նախկին հեռաւոր մէկ բարեկամը պիտի վերածուի լաւ բարեկամի մը: Պէտք է յստակօրէն ըմբռնէք այս նոր յարաբերութեան պատճառները: