ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վճարումի եւ պարտքի հարց մը պիտի ունենաք, որմէ յաղթական դուրս պիտի գաք: Օրը պիտի օգնէ ձեզի յաջողելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Առանձնացէք, եթէ պէտք ունիք հանգիստի: Հեռու մնացէք խառնաշփոթ վայրերէ եւ երաժշտութիւն ունկնդրեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հանգստացէք` իրիկունը գտնելով ձեր մահճակալը, որ իրաւամբ պիտի հանդարտեցնէ ձեր յոգնած ջիղերը: Մեկուսացէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ հրաւիրուած էք տեղ մը տօնական օրուան մը առիթով, անախորժ պիտի թուի ձեզի, հետեւաբար օրը պիտի անցնի վատ տրամադրութեամբ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տարեց անձերու խորհուրդին դիմեցէք. աշխարհը կը փոխուի, բայց` ոչ իմաստութիւնը եւ ոչ ալ լաւ զգացողութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուք ձեզի արձակուրդ մը տուէք: Հեռու մնացէք ծանր աշխատանքներէ եւ շատախօս անձերէ: Կրնաք օգտուիլ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ստեղծուած հարցերը պիտի կարենաք կարգադրել` շնորհիւ ձեր խոհեմութեան: Ձեր ճարտարութեան արդիւնքը ապահովութիւն պիտի բերէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր խօսակիցը հմայելու համար քիչ մը ջանք թափեցէք: Թոյլ տուէք, որ ձեր բարեկամը խօսի, եւ դուք մտիկ ըրէք: Համաձայն եղէք անոր կարծիքին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր մասնագիտական փորձառութենէն պիտի օգտուին շատեր: Հոգեկան գոհունակութիւն պիտի ունենաք` հաստատելու ձեր ջանքերուն արդիւնքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ցոյց տուէք, որ դուք վերջին անձը չէք տօնական օր մը պատրաստելու: Հրաւիրեցէք ձեր բարեկամները հաճելի սեղանի մը շուրջ եւ զիրար լաւ հասկցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Փոփոխութիւն մը պիտի ունենաք ձեր կեանքին մէջ: Նորութեան մը դիմաց պիտի գտնուիք, որմէ պիտի օգտուիք նիւթապէս:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հետեւեցէք ձեր նախազգացումներուն. պիտի կարենաք զատորոշել չարը բարիէն: Հետեւաբար անհոգ պիտի մնաք: