
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման` պատասխանելով լրագրողներու շարք մը հարցումներուն:
Մեկնաբանելով 16 մայիսին Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը` Քըրպի նշած է, որ երկու երկիրներուն նախագահներն ալ պարտաւորուած են յարգել զինադադարը, ջանքեր գործադրել փոխադարձ վստահութեան հաստատման համար, ինչպէս նաեւ յաջորդ ամիս վերսկսիլ բանակցութիւններուն` տագնապին համապարփակ լուծում գտնելու համար:
«Անոնք դրսեւորեցին քաղաքական կամք` սթաթիւս քոյի շրջանակներէն դուրս գալու եւ շրջանի ամբողջ բնակչութեան համար օգտակար քայլերու դիմելու համար: Իսկ Միացեալ Նահանգներն ալ իրենց կարգին պատրաստակամ են այս հարցին մէջ աջակցելու կողմերուն: Այլ խօսքով` ասիկա շատ դրական հանդիպում էր եւ ճիշդ ուղղութեամբ կատարուած քայլ: Այժմ բոլորը պէտք է ջանասիրաբար աշխատին` իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները կեանքի կոչելու համար», ըսած է Քըրպի:
Ապա լրագրողներէն մէկը` դիմելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբերին, յիշեցուցած է, որ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը պատրաստակամ են հակամարտ զօրքերու շփման գիծին երկայնքով կրակոցի աղբիւրի ճշդման համակարգերու տեղադրման, մինչդեռ Ազրպէյճան մերժած է այդ առաջարկը: Երբ լրագրողը խնդրած է Քըրպիէն մեկնաբանել Պաքուի այդ դիրքորոշումը` ամերիկացի պաշտօնատարը մերժած է այդ առնչութեամբ որեւէ բան ըսել:


