Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 մայիսին ընդունած է Գերմանիոյ Ձախ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը` Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Ուլա Հելպքէի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի եւ Գերմանիոյ քաղաքական ուժերուն միջեւ կապերու հաստատման ու խորացման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է նման համագործակցութիւն Արցախի համար` արժեւորելով զայն Գերմանիոյ հետ բարեկամական կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէն: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային գործընթացներուն: