ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը խառնակ է: Ուրիշներու հետ յարաբերելու պահուն թիւրիմացութիւններ պիտի ունենաք, ինչ որ չէք սիրեր: Ստիպուած պիտի համակերպիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յոգնութիւնը պիտի աւելնայ: Հանգիստ ըրէք եւ լաւ քնացէք: Մէկ կողմ դրէք օրուան հոգերը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր փոքրիկներու օրն է, ուրախացէք անոնց հետ, կատարեցէք անոնց պահանջները եւ տարէք զանոնք բացօթեայ վայրեր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ կ՛ուզէք ընտանեկան վէճ մը կարգադրել, զայն պէտք է կատարէք հանդարտօրէն` պաշտպանելով փոքրիկները:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի կարենաք ձեր զաւակներուն կամքը կատարել` առանց զանոնք շփացնելու ձեր կատարելիք բազմատեսակ նուէրներով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ խնդիրները շեղին իրենց նպատակէն եւ անսահման ձեւով չափէն դուրս ելլեն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր կենսունակութիւնն ու լաւատեսութիւնը, լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենան ձեր շուրջիններուն վրայ: Ամէն բան հաճելի պիտի անցնի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կ՛ուզէք փոխել սննդականոնի ձեր սովորութիւնը: Անցողակի որոշում մի՛ տաք այս պարագային: Այդ մասին լրջօրէն մտածեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գործ պիտի ունենաք հանդարտ երեխաներու հետ, որոնք ամէն ինչ դատելու տրամադրութիւն չունին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գործի վերաբերեալ ձեր անորոշութիւնը ձեզ կը նեղացնէ: Յստակ եղէք ձեր որոշումներու պարագային եւ ճշգրիտ` ձեր գործունէութեան մէջ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեզի հաւանաբար կատարեն ճամբորդութեան առաջարկ մը: Մի՛ մերժէք, որովհետեւ պիտի անցընէք շատ հաճելի ժամանակ մը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզմէ պիտի պահանջեն ճշգրիտ ներկայացնել ձեր ծախսերը: Ուրեմն պահեցէք բոլոր ստացագիրները, որպէսզի ձեր միտքը հանգստանայ:
