ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անշարժ կալուածներու վերաբերեալ աշխատանքի մը մէջ յարմար գործունէութիւն պիտի ունենաք եւ պիտի յաջողիք նիւթապէս:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքին մէջ անկարելին կատարելու ջանք մը ըրէք: Այս ձեւով օրը պիտի անցնի յաջող եւ շահաւէտ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առաջին քայլը դուք առէք անձի մը դիմելու համար: Ձեր զգացումները արտայայտեցէք, որպէսզի հանգստանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամէն գործ ճնշումի տակ մի՛ կատարէք, կրնաք սխալիլ այդ պարագային:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արուեստի վերաբերեալ զգացողութիւն մը պիտի ունենաք, որ ձեզ պիտի ուրախացնէ պահ մը: Օրուան ընթացքին պիտի հանդիպիք հաճելի բարեկամներու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ լաւ գործակցութիւն մը ձեզի պիտի ընծայէ յաւելեալ արդիւնք եւ ապահով վերելք: Ջանացէք մնալ նոյն համադրութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կարենաք ձեր զգացած ուրախութիւնը բաժնեկցիլ ձեր շուրջիններուն հետ: Ձեզի հետ մասնակից եղողները պիտի շնորհաւորեն ձեզ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ինքնավստահ էք եւ բոլոր արգելքները պիտի դիմագրաւէք հանդարտութեամբ: Հիանալի տրամադրութիւն մը պիտի փրկէ ձեզ այսօր:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր բարեկամները ձեր ներշնչումին աղբիւրը պիտի ըլլան: Ինչ որ որոշած էք այսօր, պիտի կատարէք յաջողութեամբ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ժամանակն է, որ նոր թափ մը տաք ձեր գործին, որպէսզի կարենաք ձեր որոշումները իրագործել: Մտածեցէք ճշգրիտ ծրագրի մը մասին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մտիկ ըրէք ձեր ներաշխարհի զգացումները: Դուք ձեզ աւելի լաւ կը ճանչնաք, քան ուրիշները: Ըստ այնմ գործեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ապագան լեցուն է խոստումներով: Վախ պիտի չունենաք ընտրութիւններ կատարելու եւ իրագործելու փոփոխութիւններ, որոնք բախտաբեր պիտի ըլլան:
