Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ երէկ երեկոյեան, Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ հակառակորդը սկսած է տարբեր տրամաչափի ականանետերէ արկակոծման ենթարկել պաշտպանութեան բանակի մարտական յենակէտերը:
Կրակոցներ արձանագրուած են յատկապէս առաջնային գիծի հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) եւ հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութիւններով, որոնց ընթացքին հակառակորդը 82 միլլիմեթրնոց ականանետերէ արձակած է 116 արկ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Յատկանշական է, որ հակառակորդը, իր սովորութեան համաձայն, շփման գիծին վրայ իրադրութիւնը ապակայունացնելու իր քայլերը կը փորձէ բարդել ղարաբաղեան կողմին վրայ, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը պահպանեն կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը եւ պատասխան գործողութիւններու կը դիմեն միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային` թիրախ ընտրելով բացառապէս հակառակորդի կրակակէտերը», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: