Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկային Իրաւունքներու Միութիւնը Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Պահանջեց Քննել Կարօ Փայլանի Դէմ Յարձակումը

May 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

paylan-13

Վերջին օրերուն քաղաքական օրակարգի վրայ է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Կարօ Փայլանի պարագան, որուն դէմ, ինչպէս յայտնի է, խորհրդարանի ժողովին ընթացքին յարձակում գործուած էր իշխանամէտ երեսփոխաններու կողմէ: Այդ յարձակումին ընթացքին երեսփոխանները ուղղակի թիրախ դարձուցած էին Կարօ Փայլանը, եւ անոր հայ ըլլալուն մասին կատարուած ակնարկութիւնները ունեցած էին նախատական ու ցեղապաշտական բնոյթ:

Հրանդ Գասպարեան «Թարաֆ» թերթի էջերով կը տեղեկացնէ, որ այս յարձակումը այժմ քննարկումի նիւթ դարձած է նաեւ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի յանձնախումբին կողմէ: Յանձնախումբը հարցը յղած է խորհրդարան եւ պահանջած է, որ լայն քննարկումի ենթարկուի ուղղակի ցեղապաշտական նկատառումներով կատարուած այս յարձակումը:

Յանձնախումբը իր դիմումնագիրին մէջ կը նշէ, թէ թրքական իշխանութիւնները ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, որպէսզի քրտամէտ կուսակցութիւնը քաղաքական կեանքէն դուրս վտարեն, ու այդ կուսակցութեան երեսփոխանները պատժուին: Այս նպատակով է, որ յարձակում մըն ալ կատարուած է Կարօ Փայլանի վրայ: Բայց Փայլանի վրայ կատարուած յարձակումը միայն ֆիզիքական հարուածի հանգամանք չէ ունեցած, այլեւ ցեղապաշտական յանցագործութիւն է: Յարձակման ընթացքին յստակ կերպով նախատուած է Կարօ Փայլանի հայկական ինքնութիւնը:

Յանձնախումբի դիմումնագիրին մէջ ամէնէն կարեւոր կէտը կը վերաբերի Կարօ Փայլանի կեանքի ապահովութեան առնչուող ակնարկութիւններուն: Հոն յիշեցում կը կատարուին Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Պալըքճըի դէմ գործուած մահացու յարձակումներուն մասին:

Յանձնախումբը պահանջած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը հրապարակաւ յայտարարէ, թէ ինք կը պախարակէ այս յարձակումը եւ դէմ է ամէն տեսակ ցեղապաշտական յարձակումներու:

Միւս կողմէ հաղորդուեցաւ, որ «Ո՛չ ազգայնապաշտութեան» կազմակերպութեան կողմէ 13 մայիսին, Թաքսիմի «Հիլ» պանդոկին մէջ պիտի կազմակերպուի հաւաք մը, ուր ուշադրութիւն պիտի հրաւիրուի կիներու, քիւրտ կամ հայ երեսփոխաններու դէմ կատարուած յարձակումներուն վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի պահանջուի, որ միջոցառումներ որդեգրուին` անոնց կեանքի ապահովութեան համար:

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբերը Նոր Թափով Պիտի Յաղթահարեն Արցախ – Հայաստանի Ու Հայութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

Յաջորդը

Ռոպերթ Քոչարեան Այցելած Է Սահմանագիծ

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.