
Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Լասըն շեշտեց, որ իրենց կողմէ յստակ յանձնառութիւն յայտնուած է օժանդակելու Լիբանանին` աւելցնելով, որ Լիբանանին կատարուած իրենց նիւթական օժանդակութիւնները տարեկան 600 միլիոն եւրոյի կը հասնին:
Լասըն յայտնեց, որ Հաժ Հասանի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ միացեալ հարցերը` շեշտելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին Եւրոպական Միութիւնը զայն պիտի չլքէ:
Լասըն աւելցուց, որ իրենք միայն նիւթական օժանդակութիւն չեն ուզեր տրամադրել Լիբանանին, այլ նաեւ կը փափաքին օգտակար հանդիսանալ անոր տնտեսութեան բարգաւաճման:
Իր կարգին, Հաժ Հասան հաստատեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն գոյութիւնը` պահանջելով, սակայն, որ առեւտրական իմաստով Լիբանանի եւ լիբանանեան արտադրութեան վրայ պարտադրուած խոչընդոտները վերացուին:
Հաժ Հասան յայտնեց, որ ներկայիս իրենց գլխաւոր նպատակն է լիբանանեան արտադրութիւնը արտածել արաբական եւ եւրոպական տարբեր երկիրներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիա, Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ:


