
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նահանգապետներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք նահանգապետներուն թելադրեց որդեգրել անհրաժեշտ բոլոր միջոցները, որպէսզի քաղաքապետական ընտրութիւնները ունենան իրենց հեզասահ ընթացքը` բոլոր մակարդակներուն վրայ:
Մաշնուք կոչ ուղղեց օգտուելու անցեալ կիրակի օրուան ընտրական փորձառութենէն, որպէսզի վարչական առումով աւելի կազմակերպուած ներկայանան` հարթելով արձանագրուած կարգ մը գումակային բացթողումներ:


