ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին պատկերասփռուած խօսք մը պիտի արտասանէ Դիմադրութեան վիրաւորներուն նուիրուած օրը նշելու յատուկ ձեռնարկին ընթացքին:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Նաամէի աղբանոցը 19 մայիսին պիտի դադրի աղբեր ընդունելէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ հաշմանդամներուն իրաւունքն է հասնիլ ընտրական կեդրոնները` իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը Իրանի եւ Հըզպալլայի կողմէ գրաւուած փաստաթուղթ մըն է:
ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդի նախկին նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց կու տան, որ քաղաքացիները սկսած են իշխանութիւններու ընտրացանկերուն դէմ պայքարիլ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Պէյրութի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն համեմատութիւնը ցուցանիշ է, որ լիբանանցիները երբեք չեն հետաքրքրուած ընտրութիւններով:
ՄՐԱՅԺԷի մէջ «Հաւատարմութիւն, բարգաւաճում եւ բարեկարգում» քաղաքապետական խորհուրդի ընտրական ցանկը երէկ ընտրուեցաւ մրցակիցի չգոյութեան պատճառով: Քաղաքապետ Սամիր Ապու Խալիլ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն քրիստոնեաները Մրայժէ վերադարձնելու համար:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ փոխըմբռնումը նախագահական ընտրութեան առումով խախտումներ չկրցաւ արձանագրել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին համաձայնելու ընտրական օրէնքի մը շուրջ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ուղղուեցաւ Փարիզ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզ ուղղուեցաւ Միացեալ Նահանգներ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ:


