
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր ամէն ջանք ի գործ կը դրուի` լուծելու համար գաղթականներուն տագնապը, աւելցնելով, որ կրթութեան նախարարութեան տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները` սուրիացի գաղթական աշակերտներուն ուսման նպատակով, սուրիացի գաղթականները բնակեցնելու նախապայմանով չեն տրուիր:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան չի կրնար առանձինն դէմ դնել այս հարցին:
Ապու Սաապ հաստատեց, որ սուրիացի գաղթականները ամէնէն մօտիկ ապագային պիտի վերադառնան իրենց երկիրը` աւելցնելով, որ զանոնք Լիբանանի մէջ բնակեցնելու ոչ մէկ ծրագիր կայ:


