Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտ Կը Զգուշացնէ Պաքուն Խաղաղ Բնակավայրերը Կրակային Յենակէտերու Վերածելէ

April 28, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

haga_42716

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ 5 ապրիլին հակամարտ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած կրակի դադրեցման մասին բանաւոր պայմանաւորուածութենէն ետք Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ որդեգրուած մարտավարութիւնը ակնյայտ կերպով ցոյց կու տայ, որ պաշտօնական Պաքուն մէկ կողմէ իր սադրիչ գործողութիւններով իրավիճակը կը տանի դէպի կանխամտածուած սրացում, իսկ միւս կողմէ կը շտապէ սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող զարգացումները ներկայացնել իբրեւ հայկական կողմի նախայարձակ գործողութիւններու հետեւանք:

«Յատկանշական է, որ հակառակորդը իր այս գործելաոճը կեանքի կոչելու համար կը դիմէ իր զինանոցին մէջ եղած ամէնէն ստոր ու հրէշաւոր միջոցներու կիրարկման: Ըսուածին անհերքելի ապացոյցներէն է առաջնային գիծին մերձակայ բնակավայրերուն մէջ ազրպէյճանական հրետանիի եւ զրահապատ ուժերու համար կրակային յենակէտերու ծաւալման փաստը, ուր հակառակորդը գիշերային ժամերուն, հրետակոծութեան եւ արկակոծութեան կ՛ենթարկէ հայկական դիրքերն ու խաղաղ բնակավայրերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Թաքնուելով խաղաղ բնակիչներուն ետին, եւ նոյն քաղաքացիները դարձնելով կենդանի վահան, ազրպէյճանական հրամանատարութիւնը արդէն օրեր շարունակ կը կատարէ իր սեւ գործը:

Մեկնելով ստեղծուած իրավիճակէն` Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հակառակորդ կողմին խորհուրդ տուած է յարգել իրենց իսկ խնդրանքով կրակի դադրեցման վերաբերեալ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, նաեւ զգուշացուցած է խաղաղ բնակավայրերը կրակային յենակէտերու վերածելէ` զանոնք դարձնելով խոցման թիրախ: «Հակառակ պարագային  հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Օհանեան Մոսկուայի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Յաջորդը

Ղարաբաղեան – Ազրպէյճանական Շփման Գիծին Վրայ Վիճակը Կը Մնայ Լարուած. Կան Վիրաւորներ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.