«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Ազրպէյճանի նախագահական պալատի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Շաբաթ օր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն հեռաձայնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը»:
Նշենք, որ Պան Քի Մուն շաբաթ օր նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին Քի Մուն լիակատար աջակցութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու ջանքերուն: