
Երէկ Երեւանի մէջ «Աւրորա» մրցանակը շնորհուեցաւ պուրունտացի մարդասէր Մարկարիթ Պարանքիցէին` այն բացառիկ ազդեցութեան համար, որ ան ունեցած է Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն` փրկելով հազարաւոր կեանքեր եւ խնամելով որբերն ու գաղթականները:
«Աւրորա» մրցանակի յանձնումի արարողութեան ժամանակ մրցանակը Պարանքիցէին յանձնեց ընտրող յանձնախումբի համանախագահ, ճանչցուած հոլիվուտեան դերասան Ճորճ Քլունին:
Մրցանակի դափնեկիրը պիտի ստանայ հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու կարելիութիւն` 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհի ներկայացնելով իրեն ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւնները:
«Աւրորա» մրցանակը «100 LIVES»-ի նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Վարդան Գրիգորեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի մարդասիրական ձեռնարկն է, որ կը շնորհուի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու անունով, իբրեւ երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք երկարեցին հայ ժողովուրդին: Մրցանակին պիտի արժանանայ մերօրեայ այն հերոսը, որ կ՛օգնէ մարդոց` անձնուիրաբար եւ բացառիկ ջանքերով:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին շնորհուեցաւ նաեւ «Սկզբունքային լրագրութիւն» խրախուսական մրցանակը, որ ճշդուած է Լրագրողներու միջազգային կեդրոնի (ICFJ) եւ «100 LIVES»-ի նախաձեռնութեան կողմէ: Մրցանակը տրուած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի թղթակից Ռուքմինի Քալիմաքիին` մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճիրները բացայայտելու գործին մէջ ցուցաբերած բացառիկ նուիրումին համար:


