Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Շահագրգռուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Լուծումով» Ըսաւ Փութին

Ապրիլ 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Putin1_41416

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ «ուղիղ կապ»-ի ժամանակ հարցումի մը պատասխանելով յայտարարեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումով, սակայն վերջնական որոշումը պէտք է կայացնեն կողմերը:

«(Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը) շատ զգայուն նիւթ է, եւ ինծի կը թուի, որ պէտք է շատ զգուշ մօտենանք այդ նիւթին: Ատիկա վաղեմի խնդիր է, վաղեմի տագնապ է: Անիկա սառեցուած վիճակի մէջ էր: Ցաւօք, տեղի ունեցաւ բռնութեան այդ պոռթկումը, եւ մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որպէսզի լուծենք զայն, գտնենք երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծում: Ի հարկէ, այստեղ անհրաժեշտ են Ղարաբաղի վերաբերեալ երկարաժամկէտ լուծումներ: Անոնք կրնան ձեռք բերուիլ բացառապէս, կ՛ուզեմ ընդգծել, քաղաքական միջոցներով: Պէտք է գտնել փոխզիջում: Ինծի կը թուէր, որ մենք քանի մը տարի առաջ մօտեցած էինք այդ փոխզիջումը գտնելուն, սակայն ի յայտ եկաւ, որ ցաւօք, ատիկա այդպէս չէ», ըսաւ Վլատիմիր Փութին:

Ան աւելցուց, որ Ռուսիան պիտի աշխատի միջազգային կառոյցներու ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով գործունէութիւնը երկկողմանի կարգով:

«Ռուսիան, ո՛վ որ ալ ինչ ըսէ, շահագրգռուած է այդ խնդիրի լուծման հարցով, որովհետեւ մենք կ՛ուզենք լիարժէքօրէն աշխատիլ թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի հետ», յայտնեց Փութին:

«Թուրքիոյ Ներկայ Ղեկավարութիւնը
Կը Գործակցի Ահաբեկիչներուն Հետ»

Երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի աւանդական «ուղիղ կապ»-ը Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ: Նախագահին «ուղիղ կապով» հարցում ուղղելու համար արձանագրուածներուն թիւը հասած էր շուրջ 2 միլիոնի:

Փութին ըսաւ, որ թրքական ղեկավարութիւնը ոչ այնքան կը պայքարի ծայրայեղականներուն դէմ, որքան կը համագործակցի անոնց հետ: Պատասխանելով Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջութեան մասին հարցումի մը` ան ըսաւ, որ այժմ Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջութիւնը վտանգաւոր է, երկրին հարաւը փաստացիօրէն քաղաքացիական պատերազմ տեղի կ՛ունենայ:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը պիտի ձգտի ապահովել զբօսաշրջիկներու անվտանգութիւնը, սակայն արդեօք անոնք պիտի կարենա՞ն այդ մէկը ընել` մեծ հարցական է:

Փութին յայտարարեց, որ Ռուսիան Թուրքիան իր բարեկամը կը նկատէ, սակայն խնդիրներ կան քաղաքական գործիչներու հետ: «Մենք մեծաւ մասամբ դրացիներու հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ ունինք: Թուրքիան եւս կը նկատենք բարեկամ երկիր: Սակայն մենք որոշ երկիրներու վարմունքը անպատշաճ կը նկատենք եւ համապատասխան կերպով անոնց կ՛արձագանգենք: Մենք խնդիրներ ունինք քաղաքական որոշ գործիչներու հետ եւ համապատասխան կերպով անոնց կ՛արձագանգենք: Մենք կ՛աշխատինք հանգիստ, առանց կտրուկ գործողութիւններու», ըսաւ Փութին` վստահեցնելով, որ Ռուսիա երբեք պիտի չյայտնուի թշնամական օղակի մէջ:

Ռուսիոյ նախագահը աւելցուց, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ արձագանգել իր դէմ ուղղուած թշնամական գործողութիւններուն:

Պատասխանելով 12 տարեկան աղջնակի մը այն հարցումին, որ եթէ խեղդուելիք ըլլային Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոն եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որո՞ւ պիտի փրկէր առաջին անգամ, Փութին ըսաւ. «Եթէ մէկը որոշած է խեղդուիլ, զայն արդէն անկարելի է փրկել: Սակայն մենք պատրաստ ենք օգնութեան ձեռք երկարելու իւրաքանչիւրին, եթէ ան ատիկա կը ցանկայ»:

Պատասխանելով Ռուսիոյ զինեալ ուժերու հիմնական մասը Սուրիայէն հեռացնելէն ետք ՏԱՀԵՇ-ի հաւանական աշխուժացման մասին հարցումին` Փութին յայտնեց. «Ռուս զինուորները իրենց ետին ձգած են լաւ մարզուած սուրիական բանակ մը, որ կարճ ժամանակ ետք կրցած է զինեալներէն վերագրաւել Փալմիրը եւ շարք մը այլ բնակավայրեր»:

«Սուրիոյ բանակը ի վիճակի է լուրջ խնդիրներ իրականացնելու», յայտնեց Փութին` յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ մէջ որդեգրուի նոր սահմանադրութիւն եւ կատարուին արտակարգ ընտրութիւններ:

Նշենք, որ Փութին 3 ժամ 39 վայրկեանուան ընթացքին պատասխանեց 80 հարցումի:

 

 

Նախորդը

Նալբանդեան. «Ազրպէյճանը Ո՛չ Նուազագոյն, Ո՛չ Ալ Առաւելագոյն Խնդիրները Լուծեց»

Յաջորդը

Երկու Վեհափառ Հայրապետները Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ Հայրապետական Պատգամ Տուած Են

RelatedPosts

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները  Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու  Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Օգոստոս 19, 2025
Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Հայկական

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Օգոստոս 19, 2025
Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ,  Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»
Հայկական

Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ, Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?