Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Բանակը Կասեցուցած Է Հետախուզական-Ներթափանցման Փորձ Մը

April 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Securty-Army_41416

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը կը հաղորդէ, որ հակառակորդին յատուկ նշանակութեան ջոկատայիններուն կողմէ հարաւային ուղղութեամբ ձեռնարկուած հետախուզական-ներթափանցման գործողութիւն մը կասեցուած է հայ սահմանապահներուն կողմէ, որոնք նահանջելու ստիպած են հակառակորդը:

Որոշ հատուածներու մէջ արձանագրուած են զինադադարի առնչութեամբ ձեռք բերուած բանաւոր պայմանաւորուածութեան խախտումներ: Մասնաւորապէս, Մարտակերտի եւ Հատրութի ուղղութիւններով ազրպէյճանական զինուած ուժը ականանետերէ եւ նռնականետերէ կրակած է հայկական դիրքերուն վրայ:

Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար զօր. Լեւոն Մնացականեանի համաձայն, իրավիճակը վերահսկողութեան տակ է: «Ամէն ինչ վերահսկողութեան տակ է: Վտանգ չի սպասուիր: Անցած գիշեր հակառակորդի ձեռնարկած հետախուզական ներթափանցման փորձը ետ մղելով զոհեր եւ վիրաւորներ չունինք», հաստատած է ան:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ որքանո՛վ հաւանական է, որ Ազրպէյճան կրկին դիմէ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու` Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան ըսած է. «Այդ հաւանականութիւնը երբեք պէտք չէ բացառել: Ճիշդ է, հաւանականութիւնը շատ քիչ է, որովհետեւ (հակառակորդը) ստացած է համարժէք պատասխան, ունի շատ մեծ կորուստներ: Նաեւ միջազգային հանրութիւնը բաւական յստակ պատգամներ ուղարկած է պաշտօնական Պաքուին, որ այսպիսի դէպքեր երբեք պէտք չէ կրկնուին: Այնուամենայնիւ, մենք միշտ պատրաստ ենք, եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ. բանակը միշտ պէտք է ի վիճակի եւ պատրաստ  ըլլայ կասեցնելու որեւէ փորձ: Այսօր եղած են փոքր փորձեր, բայց այդ ամէնը կասեցուած են, եւ թշնամին ետ շպրտուած է: Հակառակ անոր որ հաւանականութիւնը քիչ է, բայց ամէն պահու պէտք է պատրաստ ըլլանք»:

Միւս կողմէ, 13-14 ապրիլի գիշերը Ազրպէյճանի զինուած ուժերը անկանոն կրակ բացած են Տաւուշի հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ: Հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագօտիին հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ ազրպէյճանական կողմը կատարած է 9 խախտում եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ անկանոն բնոյթի կրակահերթեր արձակած է հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ:

Բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները, ցուցաբերելով զսպուածութիւն, պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային եւ վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակին:

 

 

Նախորդը

Երկու Վեհափառ Հայրապետները Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ Հայրապետական Պատգամ Տուած Են

Յաջորդը

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Ներհայկական Համախմբում (Է.)

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.