Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայփայենք Ձեռք Բերուած Միասնութիւնը

April 14, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12961633_837728109662550_1168380987178716066_n

Եթէ ազգը բանակ է դառնում,
հնարաւոր չէ նրան ծնկի բերել
Գարեգին Նժդեհ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Անվիճելի իրականութիւն է, որ պատերազմական այս օրերու ընթացքին Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնը մէկ բռունցք դարձաւ` համախմբուած անպարտելի ուժ, որուն դէմ անզօր գտնուեցաւ թշնամին իր բոլոր նենգութիւններով հանդերձ:

Իսկապէս իւրօրինակ ազգ ենք. պատերազմական օրերուն կը վերադառնանք հայրենիք, կը միանանք ալեհեր, նախկին ազատամարտիկներուն, փորձառու, անփորձ, սակայն պատրաստակամ կամաւորներուն, որոնք զուռնա-տհոլի ուղեկցութեամբ կը մեկնին ճակատ` երիտասարդ զինուորի կողքին ըլլալու եւ մահն անգամ անտեսելով` նուիրուելու հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին:

Համայն հայութիւնը, մեծ ու փոքր համայնքները, մեծաթիւ ու երբեմն միայնակ իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն` կանգնեցնելու ազերիական վոհմակի քրէական գործելաոճն ու ռազմական յանցագործութիւնները:

Օրերու ընթացքին համախմբուած հայութիւնը դրամական միջոցներ հայթայթեց եւ կը շարունակէ այդ գործընթացը` աջակցելու պաշտպանութեան բանակի սպառազինման, ինչպէս նաեւ` վիրաւոր, զոհուած զինուորներու եւ պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն:

Անօրինակ սխրանք արձանագրուեցաւ նաեւ լրատուական դաշտէն ներս, լրագրողներու մեծ խումբ մը մարտի դաշտ մեկնեցաւ: Անոնք ոչ միայն իրենց հրապարակումներով բանակի եւ ժողովուրդի ոգին բարձրացուցին, այլեւ իրավիճակի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու, հայութեան յուսադրող նիւթեր տրամադրելու համար անոնք անվախ կերպով  խրամատի մէջ էին` մեր հերոս ու հերոսացող զինուորներու կողքին:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այս պահուն ամենաէականը մեր համախմբուած ըլլալն է, պէտք է ամէն գնով փայփայենք ձեռք բերուած միասնական ոգին, որուն գինը, ինչ խօսք, շատ թանկ վճարեցինք` տասնեակ երիտասարդ կեանքեր զոհուեցան հայրենիքի անկախութիւնն ու սահմանները անխախտ պահելու համար: Յանուն այդ գարուն ու անմահ կեանքերուն` մնանք բռնցքուած, շարունակենք ողջ ազգով ծառայել մեր բանակին. այդպէս միայն կրնանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ մնալ անպարտելի:

Ցաւօք, Արցախի հարցը դեռ վերջնականապէս չէ լուծուած, ԼՂՀ-ն միջազգայնօրէն դեռ չէ ճանչցուած, ուրեմն մեր ուժը եւ հնարաւորութիւնները ներդնենք մեր պետութեան հզօրացման յառաջընթացի համար, քանզի հզօր պետութիւնն է մեր անվտանգութեան երաշխաւորը: Մենք ազգովի կը մնանք բանակ այնքան ժամանակ, քանի դեռ միասնաբար չենք լուծած մեր ազգային գերխնդիրները:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Գ. Հանգրուանի` Փլէյ-Օֆի Առաջին Երեք Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.