Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղուլեան. «Զիջումները Չեն Կրնար Միակողմանի Ըլլալ»

Ապրիլ 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ghoulian_41216

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրող Յովհաննէս Մովսիսեանի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ զիջումները չեն կրնար միակողմանի ըլլալ: «Ատիկա չի կրնար միակողմանի ճամբայ ըլլալ: Ինքնապաշտպանութեան հանգամանքը, շրջանին մէջ մեր ձեռքբերումները պահելու, յաջողութիւնները ամրապնդելու այս հրամայականը մեզ կը յուշեն, որ մենք չենք կրնար մենք զմեզ թոյլ տալ, որ խօսինք որեւէ զիջումներու մասին` ունենալով այդ մնայուն սպառնալիքը», ըսած է ան:

«Այս իմաստով, այս ժամանակահատուածին մէջ, ես կը կարծեմ, որ Ազրպէյճանի գործողութիւնները հակառակ ազդեցութիւն կ՛ունենան, որովհետեւ Ազրպէյճանը կը դրսեւորէ ապակառուցողական` իրավիճակը սրելու քաղաքականութիւն, ես կը կարծեմ, որ ոչ միայն Ղարաբաղէն, այլեւ ընդհանուր հայկական իրականութեան մէջ դիրքորոշումը ղարաբաղեան տագնապի լուծման առումով աւելի կը  կարծրանայ եւ ատիկա այլ ձեւով չի կրնար ըլլալ», նշած է Ղուլեան:

Ղուլեան կասկած յայտնած է այն մասին, որ Ազրպէյճան հաւատարիմ մնայ նոյնիսկ բանակցութիւններուն լոյսին տակ իր ստանձնած պարտականութիւններուն: «Եթէ մենք կը պատկերացնենք, որ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու միջոցով պէտք է հասնինք  արդիւնքի մը, որովհետեւ, ամէն պարագայի, ատիկա կրնայ ըլլալ միայն բանակցութիւններու արդիւնք, ապա շատ կասկածելի է, որ Ազրպէյճան ինչպէս այս պարագային, այնպէս ալ բոլոր միւս պարագաներուն, հաւատարիմ կը մնայ իր ստանձնած պարտականութիւններուն` անոնք նոյն կարգաւորումը կը պատկերացնեն միայն իրենց ուզածին պէս, այսինքն, եթէ ատիկա այդպէս չէ, ուրեմն հակուած են ամէն ինչ խախտելու», հաստատած է Ղուլեան` ընդգծելով, որ Ղարաբաղի ակնկալութիւնները այլ են:

«Մեր ազդանշանները, որ մենք ամէն անգամ տուած ենք, որ Ազրպէյճանը կը պատրաստուի պատերազմի, եթէ նոյնիսկ ատիկա բացայայտ այդպէս չէր ներկայացուեր, ապա հաստատ է, որ Ազրպէյճան իր պատրաստուածութեամբ, ներքին քաղաքականութեան մէջ հայատեացութեան չափաբաժինները աւելցնելով, սպառազինութիւնները աւելցնելով, միջազգային կառոյցները խաբելու, միջազգային կառոյցները ապակողմնորոշելու իր այս քաղաքականութեամբ պարզ է, որ կը պատրաստուէր, երբ յարմար ըլլար, ձեռնարկելու քայլերու, որոնք մօտաւորապէս պէտք է այնպիսին ըլլային, ինչպէս ծաւալեց 2 ապրիլին, եւ հետեւաբար այսօր թերեւս այն պահն է եւ այդ փորձութիւնը աւելի ճիշդ նպատակային օգտագործելու համար այսօր այդ է մեզի համար անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի նոյն միջազգային կառոյցներուն հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ մենք անպայման այս խնդիրներուն վրայ ճշգրիտ շեշտադրումներ կատարենք, որ մեր սպասելիքները ուրիշ են», ըսած է Աշոտ Ղուլեան:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Յանցագործութիւնները Պիտի Ներկայացուին Միջազգային Հանրութեան

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Մատրիտեան Սկզբունքներու Հարցով ՀՅԴ-ի Դիրքորոշումը Նոյնն Է»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?