Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Մատրիտեան Սկզբունքներու Հարցով ՀՅԴ-ի Դիրքորոշումը Նոյնն Է»

Ապրիլ 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Rustamian_41216

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 12 ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ ստեղծուած անդորրը յարաբերական է:

Նշենք, որ 11-12 ապրիլի լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը կրկին կրակած է Մարտակերտի եւ Հատրութի ուղղութեամբ` հետախուզական նպատակով օգտագործելով անօդաչու թռչող սարքեր:

Ըստ Ռուստամեանի, Ազրպէյճան տակաւին չէ հանգստացած, որովհետեւ իր ծրագիրները ձախողած են, եւ կրնայ նորէն նախաձեռնել նոր գործողութիւններու եւ սահմանին վրայ սադրանքներու դիմել: «Մենք հիմա շատ աւելի զգօն պէտք է ըլլանք, որովհետեւ Ազրպէյճանը պիտի փորձէ մեր զգօնութիւնը ստուգել, չի բացառուիր, որ նոր գործողութիւններ ալ սկսին», դիտել տուած է Արմէն Ռուստամեան:

Արմէն Ռուստամեան նաեւ հաստատած է, որ Մատրիտեան սկզբունքներուն առնչութեամբ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:

«Մեր դիրքորոշումը նոյնն է: Միջազգային գործընթացն է, որ իր իսկ սկզբունքներուն համապատասխան պէտք է լուծուի: Տագնապներու լուծման երկու հիմնական սկզբունք գոյութիւն ունի` «Տարածքներ խաղաղութեան դիմաց», որ մենք մերժած ենք դեռ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակ, որովհետեւ խաղաղութիւնը պարգեւ չէ, որ մէկը միւսին տայ: Միւս տարբերակը` «Տարածքներ կարգավիճակի դիմաց», այս ալ Ազրպէյճանի թեթեւ ձեռքով ամբողջովին շրջած են, սկիզբը տարածքներ, յետոյ` կարգավիճակ: Այս սկզբունքը ճիշդ հակառակը կ՛ենթադրէ. սկիզբը կարգավիճակ, յետոյ` տարածքներ: Եթէ վերադառնան այդ տրամաբանութեան, խօսին կարգավիճակի մասին, խօսին ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան անհրաժեշտութեան մասին, բանակցութիւնները, կը կարծեմ, կը դառնան աւելի արդիւնաւէտ», ընդգծած է Ռուստամեան:

Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, որ այս դժուար հանգրուանին արդեօք նախագահ Սերժ Սարգսեան կը խորհրդակցի՞ իրեն հետ համախոհութիւն գոյացուցած կողմերուն հետ. Արմէն Ռուստամեան դրական պատասխան տուած է` նշելով, որ բնականաբար, պարբերաբար իրարու հետ կը խորհրդակցին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ քայլերու մասին կը մտածուի` կացութենէն դուրս գալու համար, Ռուստամեան բացատրած է, որ պէտք է աշխատանք տանիլ հիմնական երկու ուղղութեամբ` ամրացնել դիրքերը` արագ գործողութիւններու ծրագիր մշակելով եւ դիւանագիտական աշխատանքներ տանիլ` փաստելու Ազրպէյճանի նախայարձակ ըլլալու հանգամանքը եւ յետոյ սանձել անոր յարձակողապաշտութիւնը:

Ռուստամեան չէ բացառած, որ յառաջիկային գումարուելիք Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին նման քննարկումներ կատարուին:

Լրագրող մը, ակնարկելով այժմու եւ նախկին նախագահներուն միջեւ վերջերս տեղի ունեցած տեսակցութեան, դիտել տուած է, որ այս կարճատեւ պատերազմը կարծէք թէ նոր քաղաքական օրակարգ ձեւաւորած է: «Այդ հանդիպումները  անհրաժեշտ են, ատիկա նաեւ ժողովուրդը կը պարտադրէ: Ժողովուրդը  այնքան ինքնաբուխ, բարձր մակարդակի համախմբում ցոյց տուաւ, որ ամօթ է, որ այդ համախմբման հակառակ ոեւէ մէկը որեւէ բան կատարէ: Ժողովուրդը բոլոր քաղաքական ուժերէն ալ իմաստուն է եւ շատ լաւ կը  պատկերացնէ, թէ ո՛րն է խնդիրը», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:

Ան լուսարձակի  տակ առած է այն իրողութիւնը, որ մենք պէտք է արձանագրենք, որ նոր իրավիճակ ունինք, եւ ներքին իմաստով ուղղումներ կատարելու կարիք կայ: «Մենք պէտք է աւելի համախմբուած ըլլանք: Պէտք է այս յարաբերական անդորրը օգտագործենք, պէտք է մեր ուժերը զօրաշարժի ենթարկենք, այս զարթօնքը օգտագործենք յանուն մեր միասնութեան, մեր նպատակներու իրականացման, յանուն մեր պաշտպանունակութեան, մեր բանակի եւ մեր երկրի հզօրացման», նշած է Ռուստամեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Սերժ Սարգսեան ականջալուր կ՛ըլլա՞յ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կոչին` կասեցնելու պաշտօնեաներուն կողմէ կատարուող թալանն ու զինելու բանակը, Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ նման կոչեր բազմիցս հնչած են, պարզապէս բոլորը պէտք է հասկնան, որ հայրենիքը բոլորին համար մէկ է:

«Բոլոր մեծահարուստները պէտք է հասկնան, որ իրենց ունեցածը կրնայ զերոյի վերածուիլ, եթէ հայրենիքը չպաշտպանուի: Այսօր մենք կը տեսնենք, որ հայրենիքը կը պաշտպանեն առաջնագիծին վրայ գտնուող հիմնականը անապահով խաւերու ներկայացուցիչները, զաւակները: Ասիկա բոլորին համար պէտք է դաս ըլլայ, ահազանգ ըլլայ  այդ մարդոց համար, որ ամէն մէկ լուման պէտք է ուղղել բանակի պաշտպանունակութեան բարձրացման: Սերունդներու կեանքը կ՛ապահովուի ոչ թէ դիզած հարստութեամբ, այլ պաշտպանութեամբ», շեշտած է Ռուստամեան` վստահեցնելով, որ յառաջիկային լուրջ վերանայումներ պիտի կատարուին:

Լրագրողներէն մէկը ուզած է գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս պիտի յստականայ տագնապի լուծման ձեւաչափի խնդիրը, երբ Ազրպէյճան կը մերժէ Մինսքի խմբակի ձեւաչափը, իսկ խմբակի համանախագահները կը յայտարարեն, որ ձեւաչափը պիտի չփոխուի: Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ պէտք է հասցէագրուած ըսուի, թէ Ազրպէյճան կը հրաժարի այդ ձեւաչափէն: Այդ պատճառով ալ յստակ քայլերու պէտք է ձեռնարկուի, որպէսզի փաստուի, թէ Ազրպէյճան կը հրաժարի միջազգային սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն համաձայն գործելէ:

Արձագանգելով այն դիտարկման, որ այս օրերուն միջազգային հանրութիւնը կը ձեւացնէ, թէ ոչինչ տեսած կամ լսած է, Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ հաւանաբար միջազգային հանրութեան մօտ սխալ բան մը կայ` հաստատելով, որ մենք պէտք է ապաւինինք մենք մեզի: «Նախ պէտք է հասկնանք, որ մեր անվտանգութիւնը մեր ձեռքն է, միջազգային հանրութիւնը լրացուցիչ լծակ է: Եթէ սահմանին վրայ մեր զինուորները չկասեցնէին թշնամին, միջազգային հանրութիւնը որեւէ բան պիտի չկատարէր այդ հարցով: Մեր փրկութիւնը մեր ձեռքերուն մէջ է», յայտնած է Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Ղուլեան. «Զիջումները Չեն Կրնար Միակողմանի Ըլլալ»

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարը Մտահոգուած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Վերսկսման Փաստով

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?