Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Յանցագործութիւնները Պիտի Ներկայացուին Միջազգային Հանրութեան

April 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

56779f5d2bfae

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու յանձնախումբերը հանդէս  եկած են հետեւեալ միացեալ յայտարարութեամբ:

«Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու իրականացման իբրեւ հետեւանք մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն վերաբերեալ 2016 թուականի ապրիլ 1-5, կոպտօրէն խախտելով 1994-ի մայիսին ստորագրուած զինադադարի մասին եռակողմ համաձայնագիրը (Արցախի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ), Ազրպէյճանը բացայայտ կերպով ոտնահարած է միջազգային իրաւունքի չափանիշները` պատերազմ վարելով արգիլուած միջոցներու եւ եղանակներու կիրարկումով:

Յարձակման հիմնական թիրախ դարձած է սահմանամերձ եւ խոր թիկունքի վրայ գտնուող քաղաքացիական բնակչութիւնը: Ազրպէյճանական բանակը իր զինանոցին մէջ գտնուող բազմաթիւ զինատեսակներէ («մմ-21» (Կրատ) եւ համազարկային կրակի «սմերչ» հեռահար համակարգ, տարբեր տրամաչափի հրետանային միջոցներ (ներառեալ` 152մմ հրանօթներ), ծանր հրետանային «Թոս-1» համակարգ, Մի-24 գրոհային ուղղաթիռներ, հրասայլեր ու այլ կարգի զրահամեքենաներ, գրոհային անօդաչու թռչող սարքեր) հրթիռա-հրետակոծման ենթարկած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շարք մը բնակավայրեր, այդ պատճառով ալ զոհուած ու վիրաւորուած են խաղաղ բնակիչներ, ներառեալ` երեխաներ, կիներ եւ ծերեր:

Անվտանգութեան խնդիրներէ մեկնելով տարհանուած են Թալիշ, Մատաղիս, Մարտակերտ բնակավայրերու խաղաղ բնակիչները: Ազրպէյճանական բանակին կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ կատարուած վայրագութիւններու եւ անմարդկային բռնարարքներու ապացոյցները բազմաթիւ են: Բոլոր հիմքերը կան ենթադրելու, որ ազրպէյճանական բանակի կազմին մէջ ներգրաւուած եղած են վարձկան ահաբեկիչներ:

Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի իրականացուցած յարձակումը խաղաղութեան եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած միջազգային յանցագործութիւն է: Ազրպէյճանական յարձակումէն Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու հարուածը այդ նոյն օրերուն իր վրայ վերցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը, որ իր տրամադրութեան տակ գտնուող անհրաժեշտ միջոցներով կասեցուցած է հակառակորդի  զինուորական լայնածաւալ յարձակումը` արժանապատուօրէն կատարելով սեփական ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորի իր դերը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարաններու պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբերը կը յայտարարեն, որ վճռական տրամադրուած են վերոնշեալ բոլոր յանցագործութիւնները, Ազրպէյճանի յարձակման հետեւանքները ուսումնասիրելու եւ անոնց արդիւնքները, ընդունուած կարգով, միջազգային հանրութեան ներկայացնելու համար»:

 

 

 

Նախորդը

«Ղարաբաղեան Տագնապը Խիստ Վտանգաւոր Է Միացեալ Նահանգներուն Համար» Ըսաւ Մեթիու Պրայզա

Յաջորդը

Ղուլեան. «Զիջումները Չեն Կրնար Միակողմանի Ըլլալ»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.