Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղեան Տագնապը Խիստ Վտանգաւոր Է Միացեալ Նահանգներուն Համար» Ըսաւ Մեթիու Պրայզա

April 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bryza_41216

«Փանորամա» կայքը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա գրած է. «Արեւմտեան ղեկավարները կոչ ուղղեցին դադրեցնելու բռնութիւնները եւ աշխուժացնելու տագնապի քաղաքական լուծման հոլովոյթը, եւ ոչ աւելի: Մինչդեռ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին սկսաւ վճռականօրէն գործել` նպաստելով Ռուսիոյ միջազգային հեղինակութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի` Արեւմուտքի ազդեցութեան գօտիէն դուրս բերման»:

Նախկին համանախագահը կը նշէ, որ ինք ապշած է ղարաբաղեան տագնապի հարցով վերջին օրերուն Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ համագործակցութեան բացակայութենէն:

Ըստ Պրայզայի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները շահ չունէին տեղի ունեցած աննախադէպ սրացումէն: Ըստ հեղինակին, հայերը եւ ազրպէյճանցիները կասկածներ ունին, որ այս բախումը հրահրուած է դուրսի ուժերուն կողմէ:

«Ամէն պարագայի, Փութին ստեղծուած իրավիճակը կը շահագործէ աշխուժ դիւանագիտութեան շնորհիւ, մինչդեռ Օպամա ոչ մէկ համարժէք հետաքրքրութիւն կը դրսեւորէ: Սպիտակ տունը նոյնիսկ պաշտօնական յայտարարութիւն ի վիճակի չեղաւ հրապարակելու: Միեւնոյն ժամանակ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի յայտարարութիւնը անարձագանգ մնաց, որովհետեւ անիկա չէր համապատասխաներ աննախադէպ իրադարձութիւններու էութեան: Ատոր հակառակ, Փութին խորհրդակցութիւն կատարեց Ալիեւի եւ Սարգսեանի հետ, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները աշխուժօրէն կը հաղորդակցէին Երեւանի եւ Պաքուի իրենց գործընկերներուն հետ», կը գրէ հեղինակը:

Ըստ Մեթիու Պրայզայի, այդպիսի գործելաոճով Ռուսիան նախ կը վերականգնէ իր միջազգային հեղինակութիւնը, եւ երկրորդ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մօտ տպաւորութիւն կը ստեղծէ, որ Ռուսիան մինակ կը դադրեցնէ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող փոխադարձ սրացումները:

«Այս եղանակով Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը Արեւմուտքէն հեռացնելով Փութին նոր հիմեր կը ստեղծէ ճգնաժամին համար, մինչդեռ Ուաշինկթըն կը մնայ դէտի դերին մէջ», եզրափակած է Պրայզա:

 

Նախորդը

Տասնամեակներ Ետք. Լիբանանի Տխրահռչակ Պատերազմի Վէրքերը Տակաւին Կ՛արիւնին

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Յանցագործութիւնները Պիտի Ներկայացուին Միջազգային Հանրութեան

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.