Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Հարցը Եւ Թուրք-Ազրպէյճանական Ծաւալապաշտական Եւ Ոճրային Սանձարձակութիւնը

Ապրիլ 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hagop-BalianՅ. ՊԱԼԵԱՆ

Օսմանի օրերէն մինչեւ այսօր թուրք-ազրպէյճանական ծաւալապաշտական եւ ոճրային սանձարձակութիւնը կը շարունակուի, թող ոչ ոք գայթակղի, եթէ ըսենք` միջազգային մեղսակցութեամբ:

Ա՛յս մեղսակցութիւնը ըսելու սովորութիւն չունինք`  կարծեցեալ դիւանագիտութիւն խաղալով:

Անգլիոյ վարչապետը` Լորտ Սեսիլ, Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին յայտարարած էր, որ պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ թրքական իշխանութեան հետք պիտի չմնար:

Հայերը մինչեւ այսօր հպարտութեամբ կը յիշեն, որ կամաւորական խումբերով ֆրանսական բանակի կողքին կռուեցան, բայց չես գիտեր ո՛ր հաճոյակատարութեան տուրք տալով` չեն յիշեցներ, որ որպէս հատուցում` Ֆրանսան հայկական Կիլիկիան առանց կռուելու յանձնեց թուրքերուն:

Տեւաբար կը խօսինք Սեւրի դաշնագրի մասին, բայց դիւանագիտական մսկոտութեամբ չենք յիշեցներ, որ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին գումարուած խաղաղութեան ժողովէն բխած եւ Սեւրի դաշնագրին տակ իրենց անունները դրած երկիրները դրժեցին իրենց ստորագրութիւնը` տալով փաստը, որ խոստումները յանձնառու կը դարձնեն անոնց հաւատացողները միայն: Միջազգային (ան)բարոյականութեան տխուր ապացոյցը:

Խորհրդային իշխանութեան ոճիրները եւ սխալները դատափետող ժամանակակից Ռուսիան շատ լաւ գիտէ պատմութիւնը: Գիտէ, թէ Նախիջեւանը ժամանակաւոր կերպով ենթարկուած էր Ազրպէյճանի, պետութեան մը, որ ոչ մէկ պատմական իրաւունք եւ անցեալ ունէր: Լենին, եւ պատմութեան մեծ ոճրագործներէն` Ստալին, իսլամական երկիրները սիրաշահելու համար ոսկի ղրկեցին Մուսթաֆա Քեմալին: Նոյն հունով Ստալին հայկական Արցախը կամայականօրէն կցեց Ազրպէյճանին:

Եւ հայկական Արցախը, ըստ Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան, հանրաքուէով որոշեց դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն:

Բռնագրաւելու եւ ջարդով հողի տէր դառնալու ցանկութեամբ Ազրպէյճանը կը շարունակէ բռնագրաւման իր քաղաքականութիւնը, ինչպէս որ ըրած էր իր երէց եղբայրը` Թուրքիան: Կանգ չառաւ ցեղասպանական արարքներու առջեւ, յիշել` Սումկայիթը եւ Պաքուն: Անպատժելիութիւնը եւ կատարուած իրողութեան քաղաքականութիւնը կը շարունակուի:

Յաճախ պէտք է յիշեցնել աշխարհի հզօրներուն Թուրքիոյ նախագահ Սուլէյման Տեմիրելի յայտարարութիւնը, որ Թուրքիան կը տարածուի Ատրիական ծովէն մինչեւ Չինաստանի սահմանը: Հայաստան եւ Արցախ սեպ են այդ ծաւալապաշտութեան ճամբուն վրայ:

Աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչածներ, եթէ անմիջական տնտեսական եւ շուկայական շահերէ անդին ուզեն նայիլ, առաջնորդուին ապագայատեսութեամբ, պիտի հասկնան, որ կը հետապնդուի Օսմանի նոր կայսրութեան մը ստեղծումը, որուն համար կ՛օգտագործուի, ինչպէս անցեալին, կրօնական ազդակը: Ի զուր չէ, որ Թուրքիան իսլամական ծայրայեղական-ահաբեկչական շարժման կը նպաստէ, քանի որ աշխարհի ապակայունացումը կը ծառայէ իր կայսերական շահերուն: Նոյնիսկ թուրք ընդդիմադիրները այդ գիտեն, փաստերով, որոնց պատճառով «Ճումհուրիյէթ» թերթը վանտալիզմի ենթարկուեցաւ եւ պատասխանատուները բանտարկուեցան:

Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր Արցախի մէջ, թրքական մեծ երազին մէկ օղակն է:

Մեր իրաւազրկման մասնակից-մեղսակից մեծերը եթէ այսքանը չեն հասկնար, պիտի ըսենք, որ պարզապէս մեծ գումարներու նպարավաճառներ են, նպարավաճառային հաշիւներով, իրենց ապագան իսկ առաջնորդելով փակուղի: Հետեւաբար բոլոր երկիրներու արդարութեան եւ ազատութեան հաւատացող մարդիկ հրապարակ պէտք է որ գան` պահանջելով, որ զոյգ աշխարհամարտերէն ժառանգուած սխալները եւ հակասութիւնները սրբագրուին:

Այդ պահանջը առաջին հերթին մենք պէտք է ներկայացնենք սրբագրելու համար կացինի հարուածներով գծուած ազգային հայրենիքներու սահմանները, իրենց բնաշխարհին մէջ հայրենիք ունենալու իրաւունքէ զրկուած ժողովուրդներուն տալով իրենց մարդկային-ազգային իրաւունքով ազատութիւնը, սեփական պետութեամբ: Եթէ այս արդարութիւնը այսօ՛ր չվճռուի, ոչ շատ հեռու ապագային, այսօրուան չարաշահողները վաղը շատ սուղ պիտի վճարեն:

Այսօրուան արցախեան կռուախնձորը նախերգանքն է գալիքին, որ կրնայ կրկնուիլ Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ նոյնիսկ Չինաստանի մէջ:

Հայոց ցեղասպանութիւնը գործուած էր հողի համար, ո՛չ կրօնի, ո՛չ մորթի եւ աչքերու գոյնի: Նոյնիսկ եթէ չարագործները կրօնը դարձուցած էին գործիք:

Եթէ Ցեղասպանութեան ճանաչման որսի հրացանը փոխարինէինք բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրութեան կարգախօսի այլապէս ապագայակերտ եւ հեռանկարային հզօր զէնքով, բարիք կը բերէինք մեր ժողովուրդին եւ ճնշուած բոլոր ժողովուրդներուն:

Բազմազգեան գումարտակներ մասնակցած էին սպանական քաղաքացիական պատերազմին: Ինչո՞ւ արդարութեան եւ ճշմարտութեան հաւատացող բազմազգեան ուժեր պիտի չգտնուին Արցախի ազատամարտիկներու կողքին: Ո՞ւր են գաղափարապաշտ եւ արդարութեան ջատագով բարեկամները:

Արցախի ազատագրական պայքարը ոչ տեղական է եւ ոչ ալ մասնակի:

Այս պիտի ըսե՞նք բարձրաձայն, ամէնուրեք, թէ պիտի մնանք թաղային ճապկումներու խաղին մէջ:

7 ապրիլ 2016,  Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի, Ապրիլ Ա.- «Երկաթեայ Շերեփ»-ով Արդարութիւն Պարտադրելու

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պատերազմ… Տեսակցութեան Մը Փոխարէն

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?