Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պատերազմ… Տեսակցութեան Մը Փոխարէն

April 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

hayrenik_41116

Անցեալ շաբաթավերջին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հիւլէական անվտանգութեան խորհրդաժողովին կը սպասուէր, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ կատարուի սովորական «փրոթոգոլային» բնոյթ ունեցող հանդիպում մը, որ պիտի նկատուէր այս տարուան անդրանիկ տեսակցութիւնը:

Սակայն յայտագիրն ու հրամցուած անակնկալը (գէթ` անախորժ) տարբեր էին: Երկու երկիրներուն նախագահները հազիւ վերադարձած իրենց երկիրները` արդէն իսկ արցախեան սահմանամերձ շրջանները, հիւսիսէն հարաւ, բռնկած էին:

Ալիեւ, որ օրին հարցազրոյցի մը ժամանակ յայտնած էր, թէ Արցախի հիմնահարցի լուծման համար պատրաստ էր նոյնիսկ Ալասքա մեկնիլ եւ կլոր սեղանի շուրջ հանդիպումներ կատարել, այս անգամ այլ ընտրանք, այլ ախորժակ ունէր եւ որոշած էր  յարձակում մը շղթայազերծել:

Ինչո՞ւ այս ոճն ու «թայմինկ»-ը: Պատասխանը նոյնիսկ Կովկասեան բարձրաւանդակէն աւելի անդին, Միջին Արեւելքի մէջ պատահած անցուդարձերուն հետ կապ ունի եւ հովանաւորութիւնը կը վայելէ Ազրպէյճանի դաշնակից Թուրքիոյ: Պարզ ապատեղեկատուութիւն մը չէ այն լուրը, թէ իսլամական պետութիւն մը ստեղծելու համար ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ազերի ահաբեկիչներ հեռացած են Ռաքքայէն եւ ուղղուած` դէպի արցախեան ճակատ:

Իսկ յատկապէս Սուրիոյ (նաեւ Իրաքի) մէջ պատահած վերջին իրադարձութիւններն ու ՏԱՀԵՇ-ի կրած պարտութիւնները անհանգստացուցած կը թուին ըլլալ սուլթանամէտ Էրտողանը, որ յատկապէս գերզայրացած է Սուրիոյ ճակատներուն վրայ ռուսական միջամտութենէն եւ «չէ մարսած» այդ ուժերուն շռնդալից յառաջխաղացքէն: Հաւանաբար, Արցախի ճակատը բռնկեցնելով, Անգարա գործի լծեց Մոսկուան, իր իսկ տարածաշրջանին մօտ կամ աւելի ճիշդը` «քիթին տակ» թնճուկ մը ստեղծելով: Թնճուկ մը, որ յար ու նման է ճատրակի այն մրցումին, ուր միեւնոյն մաէսթրոն կը մրցի թէ՛ սեւ եւ թէ՛ ճերմակ քարերով:

Այսինքն Ռուսիան է, որ զինած է երկու հակամարտ ուժերը եւ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ իրադարձութիւններուն վրայ:

Սակայն Մոսկուան լաւապէս քաջատեղեակ է, թէ  ազերիական կողմը հլու կամակատարն է Անգարային, մանաւանդ որ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական դաշինք գոյութիւն ունի: Այս գծով տեղին է նշել թէ՛ նախագահ Էրտողանի եւ թէ՛ վարչապետ Տաւութօղլուի հաստատումները այն մասին, որ Թուրքիա ամէն գնով թիկունք կը կանգնի Ազրպէյճանի եղբայրներուն:

Հաւանաբար Մոսկուայի համար նոյնքան կարեւոր եւ բարդ հարց մըն է Արցախի ճակատներուն վրայ ստեղծուած իրավիճակը, որքան Սուրիոյ կացութիւնը` ռուսական միջամտութեան նախօրեակին:

Հոս տեղին է նշել, թէ Պաքուի մէջ քաղաքականութեան կողքին նոյնքան կարեւոր է տնտեսական բնագաւառին մէջ ստեղծուած «քաոս»-ը: Այսպէս, դժբախտաբար Ազրպէյճանի մէջ գործող քարիւղի զանազան ընկերութիւններ, որոնք բազմաթիւ երկիրներու հովանաւորութիւնը կը վայելեն… Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Թուրքիա, անցնելով Գերմանիա, Նորվեկիա, Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա եւ այլք, իրենց շահին համար  ամէն գնով քաջալերած են, որ Պաքու սպառազինուի: Եւ այդպէս ալ կատարած է Ալիեւ` յատկապէս հարստացնելով Մոսկուան:

Շղթայազերծուած այս յարձակումը նաեւ ծանր հարուած մըն էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն, որոնց անյապաղ միջամտութեան եւ հսկողութեան լոյսին տակ միայն կարելի է լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններէ խուսափիլ:

Հայրենի կողմին համար յստակ է գործընթացը: Ներքին քաղաքական բեմերուն վրայ, ամէն բան երկրորդական կը դասուի, երբ ազգային շահեր վտանգի տակ են: Փաստը` բազմաթիւ զինուորագրուողներու շարքն է եւ դիրքերուն մէջ արիաբար ճակատող հերոսներու սխրանքը:

Ապրիլ 5, 2016

 

Նախորդը

Հայկական Հարցը Եւ Թուրք-Ազրպէյճանական Ծաւալապաշտական Եւ Ոճրային Սանձարձակութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Յաղթանակը Մերն Է – Ազրպէյճանական Մոլուցքը Կրնանք Սանձել Միացեալ Ուժերով

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.