Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի, Ապրիլ Ա.- «Երկաթեայ Շերեփ»-ով Արդարութիւն Պարտադրելու

Ապրիլ 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

profil-9

Անցնող օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած գործողութիւնները ետ մղուեցան, եւ Ազրպէյճան այնպիսի պատասխան ստացաւ, որուն պատճառով ոչ միայն մեծաթիւ կորուստներ ունեցաւ, այլեւ չյաջողեցաւ վերջնականապէս գրաւել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող որեւէ դիրք, ստիպուած եղաւ քանի մը անգամ զինադադար խնդրել, գնդակահարել իր իսկ նահանջող զինուորները ու պայթեցնել սահմանագիծի վրայ գտնուող կամուրջները` հայկական ստորաբաժանումներուն յառաջխաղացքը դադրեցնելու համար:

Ազրպէյճան պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններով, ծանր հրետանիի օգտագործումով եւ հայկական տարածքներ գրաւելու հեռանկարով կը միտէր նախ պատերազմական սպառնալիքի գործօնը օգտագործել` ներքաղաքական արեւելում ապահովելու եւ բռնատիրական իր վարչակարգէն ու երկրի տնտեսական ծանր վիճակէն դժգոհ իր ժողովուրդը լռեցնելու համար:

Վերջին շրջանին Արցախի միջազգային ճանաչման գծով արձանագրուող յաջողութիւնները  ձեռնտու չէին Ազրպէյճանին, ուստի նման սադրանքով մը Ալիեւ կը յուսար խանգարել Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներն ու Արցախի հետզհետէ բարգաւաճող կեանքը:

Նախայարձակ Ազրպէյճանի այս քայլին մէջ յստակօրէն կ՛արտացոլայ նաեւ թրքական գործօնը:

Թուրքիան Սուրիոյ մէջ իր ձախողութիւններուն դիմաց ղարաբաղեան խաղաքարտի օգտագործումով կը ջանար խախտել  հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնն ու անուղղակի նամակ մը յղել Ռուսիոյ` հնարաւորինս մեղմացնելու Թուրքիոյ նկատմամբ ռուսական պատժամիջոցներն ու վերյիշեցնելու  տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն ունենալու (թէկուզ` միայն բացասական) իր հանգամանքը:

Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի անմեղ բնակչութեան դէմ ի գործ դրուած ոճրագործութիւններն ու ազերիական հորդաներու յանցագործական արարքները խլելով հանդերձ անմեղ քաղաքացիներու, հայրենասէր հայ զինուորներու կեանքեր, բախեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի ուժեղ հակահարուածին ու վասն արդարութեան համայն հայութեան միասնական պոռթկումին:

Հայրենիքին համար իր գերագոյնը զոհած հայ զինուորին սխրագործութեան ի տես` համայն հայութիւնը օրհասական այս պահուն մէկ բռունցք դարձաւ, հարիւրաւոր կամաւորներ, կղերական, զինուորական կողք-կողքի անվարան ճակատ փութացին: Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր ժողովուրդը միասնական հակազդեցութեամբ դատապարտեց ու միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց Ազրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւնները:

Հայութեան համախմբումն ու միասնական պայքարը ոգեւորիչ ուժ դարձան Արցախի մարտնչող բանակին ու մեր ժողովուրդը, յաճախ հիասթափուելով միջազգային հանրութեան թոյլ արձագանգէն, վերահաստատեց, որ «թուղթէ շերեփ»-ի օրերը անցեալին կը պատկանին, եւ ինք «երկաթեայ շերեփ»-ով, իր սեփական ուժերուն վստահելով կը պաշտպանէ հայրենի հողը:

Աւելի քան ողջունելի է միասնական այս պայքարը, որ իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդի զաւակներուն խոնարհումն է Արցախի հերոս նահատակներուն յիշատակին ընդառաջ:

Զ. Պ.

Նախորդը

Քաղաքակրթական Տարբերութիւններ

Յաջորդը

Հայկական Հարցը Եւ Թուրք-Ազրպէյճանական Ծաւալապաշտական Եւ Ոճրային Սանձարձակութիւնը

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?