Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինուորներու Դիակներու Յայնաբերում` Շփման Գիծին Վրայ

April 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12963409_10204899877531560_5184577566286708683_n

7-8 ապրիլ լուսցող գիշերուան ընթացքին, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ Ազրպէյճան շարունակեց խախտել զինադադարը կրակոցներով եւ ռմբակոծումներով:

Սահմանային աւելի լուրջ խախտումներ արձանագրուեցան նաեւ սահմանի հիւսիսային ուղղութեամբ: Այդ խախտումներուն իբրեւ հետեւանք նահատակուած է հայկական բանակի զինուոր Հրաչ Սամուէլ Մուրատեան: Արձանագրուած են վիրաւորներ, որոնց շարքին զինուոր Գէորգ Աշոտ Մղտէսեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ան կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նահատակի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ 7-8 ապրիլի լուսցող գիշերուան ընթացքին ազրպէյճանական ուժերը կրակած են նաեւ Տաւուշի եւ Գեղարքունիքի դիրքերուն ու բնակավայրերուն ուղղութեամբ, յատկապէս թիրախ դարձնելով Կարմիր, Թթուջուր եւ Բաղանիս գիւղերը:

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամուլի քարտուղար Սենոր Հասրաթեան յայտնեց, որ ուրբաթ, 8 ապրիլին, ժամը 3:00-էն սկսեալ լռութեան ժամ պիտի յայտարարուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, որուն ընթացքին երկու կողմերը պիտի փոխանակեն զոհերուն դիակները:

Հասրաթեան ընդգծեց, որ այդ համաձայնութիւնը կարելի եղած է գոյացնել Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ:

Ուշ երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան փոխանցեց, թէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնութենէն ետք եւ Մինսքի խմբակի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներուն միջնորդութեամբ, կարելի եղած է սկսիլ զոհուած զինուորներու դիակներու փնտռտուքի աշխատանքին, որուն իբրեւ հետեւանք հայկական կողմը յայտնաբերած է պաշտպանութեան բանակի զինուորներ Ռոպերթ Ապաճեանի (1996-ի ծնունդ) եւ Անդրանիկ Զոհրապեանի (1996-ի ծնունդ) դիակները:

Ա. Յովհաննիսեան ըսած է, թէ փնտռտուքի աշխատանքին ընթացքին գոյացած համաձայնութեան խախտում տեղի չէ ունեցած:

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Կացութիւնը` Լիբանանցի Լրագրողներու Ակնոցով

Յաջորդը

Քոնկրեսականներ Օպամային Կոչ Ուղղած Են Զերոյի Իջեցնելու Ռազմական Օգնութիւնը Ազրպէյճանին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.