
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ Ազրպէյճան անօդաչու թռչող սարք ուղարկած է Ստեփանակերտ այն ժամանակ, երբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) Արցախի մէջ կը գտնուէին:
Բաբայեան այս քայլը նկատած է ահաբեկչութեան եւ յիմարութեան դրսեւորում:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումի մէջ էին, երբ Ազրպէյճան անօդաչու թռչող սարք ղրկած է Ստեփանակերտ: «Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ խաղաղարար առաքելութեան ժամանակ անօդաչու թռչող սարքի Արցախ ուղարկումը ահաբեկչութեան եւ յիմարութեան դրսեւորում է», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը երէկ հրապարակեց Ստեփանակերտի վրայ խոցուած ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքի լուսանկարները:


