ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարութիւն մը հրապարակելով «յուսադրող» նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բախումներու դադրեցումը եւ յորդորեց բոլոր կողմերը` պահպանելու զինադուլը եւ չարտօնելու լարուածութեան սաստկացումը:
«Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին երկայնքով մարտական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ հաղորդումները ինծի յոյս կը ներշնչեն: Ես կը յորդորեմ բոլոր կողմերը` պահպանելու զինադուլի համաձայնութիւնը, ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ կանխարգիլելու հետագայ որեւէ մագլցում», ըսաւ ան:
Սթոլթենպերկ կը նշէ, որ ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն: «Կողմերը պէտք է վերադառնան բանակցութիւններու սեղան եւ համապարփակ լուծում գտնեն համանախագահներու հովանիին տակ: Տագնապի զինուորական լուծում գոյութիւն չունի», ըսուած է դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութեան մէջ: