Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խումբ Մը Ֆրանսացի Երեսփոխաններ Եւ Ծերակուտականներ. «ԵԱՀԿ-ը Պէտք Է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Դարձեալ Ներառէ Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ»

Ապրիլ 8, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

French-Parliament_40716

Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ ծերակոյտի խումբ մը անդամներ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետներ ստորագրած են ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած նամակ մը` ԵԱՀԿ-էն պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը դարձեալ ներառել խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ:

Նշելէ ետք, որ յարձակումը ոչինչի եւ ոչ մէկու ծառայած է, որովհետեւ ուժերու հաւասարակշռութիւնը եւ առաջին գիծը անփոփոխ կը մնան, նամակի հեղինակները կը նշեն. «Անհրաժեշտ է, որ այս նոր յարձակումը դասեր տայ: Այլեւս ո՞վ պիտի համարձակի ղարաբաղցիներէն պահանջել, որ անոնք համարկուին վարչակարգի մը, որ անոնց ֆիզիքական ոչնչացումը կ՛ուզէ:

«Ղարաբաղցիներուն համար անկախութիւնը եւ հանրապետութեան հիմնումը երբեք ինքնանպատակ չէ եղած, այլ միջոց, միջոց` ապրելու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պայմաններուն մէջ, միջոց` կառուցելու ժողովրդավարական պետութիւն մը, որ պիտի յարգէ իր քաղաքացիները, բաց պիտի ըլլայ աշխարհին եւ պիտի նայի դէպի ապագայ»:

Նամակի հեղինակները կ՛առաջարկեն, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը հետագայ բանակցութիւնները զարգացնէ իրենց ներկայացուցած առաջարկներուն հիման վրայ, որոնք աւելի արդիւնաւէտ պիտի դարձնեն բանակցային հոլովոյթը: Նախ եւ առաջ անոնք կ՛առաջարկեն ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որպէսզի Պաքուն դադրի օգտագործել չճանչցուած ըլլալը բնակչութեան վրայ յարձակելու համար:

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է դարձեալ նստի բանակցութեան սեղան: 21-րդ դարուն մէջ առանց շահագրգիռ կողմի բանակցութիւններ վարել ժողովուրդի ճակատագիրի մասին` լաւագոյն պարագային անիմաստ գործելաոճ է:

Անոնք նաեւ կ՛առաջարկեն վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան: Եւ ի վերջոյ պէտք է կողմերէն արդիւնաւէտ միջոցներ պահանջել զինադուլը պահպանելու համար, միջոցներ, որոնք ընդունած են Երեւանն ու Ստեփանակերտը եւ որոնք մերժուած են միայն Պաքուի կողմէ:

«Այս առնչութեամբ եւ հաշուի առնելով տեղի ունեցած լուրջ դէպքերը` մենք կոչ կ՛ուղղենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահութեան նախաձեռնելու հետաքննութեան, որ երեւան պիտի հանէ փաստերը: Այդ ձեւով կարելի պիտի ըլլայ քաղաքական եւ իրաւական պատժամիջոցներու դրութիւն սահմանել պատերազմ սանձազերծողներուն դէմ, ինչպէս ատիկա տեղի կ՛ունենայ աշխարհի տարբեր շրջանային տագնապներուն մէջ», կ՛ըսուի նամակին մէջ:

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Եւ Աբխազիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Են

Յաջորդը

Նշելով, Որ Տագնապը Զինուորական Լուծում Չունի. ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը «Յուսադրող» Նկատած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Բախումներու Դադրեցումը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?