ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի երէկ, 7 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան Ֆրանսայի ժամանակացոյցով ժամը 7:10-7:30-ին Ազրպէյճանի դեսպանին հետ ուղղակի սփռումով տեղի ունենալիք բանավէճը ջնջուած է: Ազրպէյճանցի դեսպանը քաշուած է եւ վերջին պահուն մերժած է հանդէս գալ Մուրատ Փափազեանի հետ:
Ստորեւ այս առնչութեամբ Մուրատ Փափազեանի յայտարարութիւնը.
«Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանը ինծի տեղեկացուց, թէ Ազրպէյճանի դեսպանը կը մերժէ մասնակցիլ այսօրուան (հինգշաբթի, 7 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:10-7:30 Ֆրանսայի ժամանակացոյցով) բանավէճին: Այս վերաբերմունքով ան ցոյց կու տայ իր մտային անպատրաստուածութիւնը: Մերժելով այս բանավէճին մասնակցութիւնը, ազրպէյճանցի դեսպանը ցոյց կու տայ, որ ինք կը վախնայ ժողովրդավար կարգերով բանավէճի մասնակցելէ: Ես մեծապէս կը դատապարտեմ այս վախկոտ քաղաքականութիւնը, այն միջոցին, երբ Ազրպէյճանի բանակը կը շարունակէ խախտել զինադուլը, որ յայտարարուած էր երեքշաբթի, 5 ապրիլին:
Յստակ է, որ այս բանավէճը մաս չի կազմեր Ազրպէյճանի մշակոյթին:
Ժամանակն է ամրապնդելու մեր զօրահաւաքները, զօրահաւաքներ, որոնք տեղի պիտի ունենան Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյլի, Նիսի մէջ եւ ամէնուրեք:
Շնորհակալութիւն այս ընթացքին մեզի զօրակցողներուն: