Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Զէնք, Որ Թշնամին Չունի

Ապրիլ 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

5 օր շարունակ պատերազմ էր Արցախի ճակատներու ամբողջ երկայնքին: Ոչ թէ զինադադարի խախտում կամ բախումներ` ինչ-որ «շփման գիծ»-ի որոշ հատուածներուն շուրջ, այլ` պատերազմ, վայրագ ու անողոք, աւերիչ ու մահասփիւռ: Նախայարձակը ազերի թուրքն էր, եւ ինչպէս միշտ` ան տարբերութիւն չդրաւ դպրոցական երեխաներու, տարեցներու, պատանի-պարմանուհիներու եւ ռազմական թիրախներու միջեւ: Այս անգամ ազրպէյճանական ուժերը ռազմադաշտ բերին իրենց ամէնէն ազդեցիկ զէնքերը` ռուսական «ՍՄԵՐՉ»-ը, «ԹՈՍ-1Ա»-ն, իսրայէլական անօդաչու «ՀԱՐՈՊ» ինքնակործան ռմբակոծիչները, եւ ասոնց հետ` յատուկ ջոկատայինները:

Ի՞նչ նպատակներով կամ ակնկալութիւններով Պաքուն սկսաւ այս պատերազմը, ո՞վ կամ ովքե՞ր էին հրահրողները, կապ ունէ՞ր այս պատերազմը Սուրիոյ տագնապին հետ, Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան ի՞նչ նպատակներով զանգուածային քանդումի զէնքեր վաճառած էր ու դեռ կը վաճառէ Ազրպէյճանին, Անգարա-Մոսկուա կամ Էրտողան-Փութին լարուած յարաբերութիւննե՞րը հրահրեցին ազրպէյճանական այս արկածախնդրութիւնը, արդեօք Ալիեւ այս ձեւո՞վ կը փորձէր իր ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղել Ազրպէյճանի ներքին հարցերէն…

Այս բոլորին մասին ճիշդ ու սխալ շատ պիտի խօսուի ու գրուի դեռ: Այս բոլորին մէջ մէկ բան յստակ եղաւ բոլորին. Պաքուի բռնատէրը պատերազմ շղթայազերծեց Արցախի ռազմաճակատներու ամբողջ երկայնքին եւ ի զարմանս իրեն ու շատ շատերուն` դէմ յանդիման գտնուեցաւ հայ ժողովուրդի ամէնէն հզօր զէնքին` քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ յատկանշուող Ազգային Միասնականութեան:

Ապրիլ 2-ի առաւօտեան, երբ Արցախի հիւսիսային եւ հարաւային ճակատներուն վրայ ազրպէյճանական յարձակումներու լուրը հասաւ Հայաստանի ժողովուրդին, աննկարագրելի, անբացատրելի, փշաքաղող, ոգեշնչող, հոգեկորով մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ երկրի բոլո՛ր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ անխտիր: Բանակային ծառայութենէն նոր վերադարձած երիտասարդներ, ուսանողներ, վեթերան ազատամարտիկներ, բանուորներ ու գիւղացիներ ինքնակամ եւ ինքնաբուխ` հազարներով դիմեցին իրենց կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, գիւղապետարաններուն կամ զինկոմիսարիատներուն` կամաւոր մեկնելու Արցախ, հայ զինուորներու կողքին ըլլալու եւ պաշտպանելու հայրենի հողը: Դիմադիր ու ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը մէկ կողմ դրին իրենց վէճերը եւ պատերազմը յաղթանակով աւարտելու վճռակամութեամբ դարձան միասնական ճակատ: Հարիւրաւոր քաղաքացիներ սկսան կազմակերպել հանգանակութիւններ, արեան տուչութեան արշաւներ, պարենային եւ բժշկական օգնութիւն հաւաքելու միջոցառումներ: Համացանցի վրայ, բոլոր տուներուն եւ աշխատատեղերուն մէջ, գրեթէ ամէ՛ն տեղ կար միայն մէկ մտահոգութիւն ու արծարծուող նիւթ` պատերազմ է, հայրենիքը վտանգուած է, եւ մենք հիմա ունինք միայն մէկ նպատակ` թեւ ու թիկունք կանգնիլ մեր զաւակներուն, հայ զինուորներուն, եւ արժանի հակահարուած հասցնել ոսոխին` ի խնդիր մեր ազգի, մեր պետութեան ու պետականութեան գոյութեան:

Շատերու համար անակնկալ էր Հայաստանի ժողովուրդի քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան այսպիսի դրսեւորումը, անկանխատեսելի` քաղաքական այսպիսի միասնականութիւնն ու համախմբումը:

Ազրպէյճանական նորամոյծ կործանիչ զէնքերուն առջեւ հայ ժողովուրդը, իր մարտունակ բանակին հետ միասին, թշնամիին ցոյց տուաւ իր ամենահզօր ու յաղթական զէնքը` իր միասնութիւնը:

Յարգա՛նք:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

Նախորդը

Չորս Օրերու Վրայ Երկարող Զինուորական Գործողութիւններէ Ետք Երկկողմանի Զինադադարի Պայմանաւորուածութիւն

Յաջորդը

Կլոր Սեղան Փարիզում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?