
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Քրեմլինին տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՛նչ մեղադրանքով ձերբակալուած է ռուսական «Սու-24» ռմբաձիգի օդաչու Օլեկ Փեշքովի սպանութեան արարքի պատասխանատուութիւնը ստանձնած Ալփասլան Չելիքը եւ թուրք դատախազները ինչպէ՛ս պիտի մեկնաբանեն այդ սպանութիւնը, որ ան կրնայ կատարած ըլլալ:
Ան նշած է, որ իրենք կը փափաքին յաւելեալ տուեալներ ստանալ մեղադրանքին էութեան եւ այդ յանցագործութեան մեկնաբանումին շուրջ:
Թրքական ոստիկանութենէն աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած էր, որ Իզմիրի մէջ ձերբակալուած է վերջերս Սուրիայէն վերադարձած թուրք իսլամական զինեալ Ալփասլան Չելիքը, որ նախապէս ստանձնած էր Փեշքովի սպանութեան պատասխանատուութիւնը: