
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Ղարաբաղ-Ազրպէյճան շփման գիծին եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ բռնութեան դէպքերուն նկատմամբ:
«Մենք կ՛ուզենք Լեռնային Ղարաբաղի սառեցուած տագնապի վերջնական լուծումը տեսնել: Խնդիրին լուծումը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու միջոցով, որոնց վրայ մենք բաւական երկար աշխատած ենք», յայտարարած է Քերրի:
Ան կարեւոր նկատած է միջազգային իրաւունքի, ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ յայտարարութեան վրայ հիմնուած համապարփակ լուծման հասնելու համար կողմերուն հետ աշխատելու Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը:
Քերրի-Ալիեւ հանդիպումին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին կողքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է Հարաւային կազային միջանցքի ծրագիրին, որով ազրպէյճանական կազը պէտք է հասցուի Եւրոպա, ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւններուն մէջ Ազրպէյճանի մասնակցութեան հարցին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խնդիրներուն:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ուաշինկթըն կը գտնուի Հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան վեհաժողովին մասնակցելու համար:


