Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակած իր հակիրճ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 30 մարտին Ուաշինկթընի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին անոնք քննարկած են Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման ապահովման ընթացիկ ջանքերը: Անոնք նաեւ շեշտած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ը տկարացնելու եւ պարտութեան մատնելու Միջազգային դաշինքի ջանքերը, աչքէ անցուցած գետնի վրայ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը եւ քննարկած «հասարակաց այս սպառնալիքին դէմ մեր գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները»: