
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանն ու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Սելինա Տողան շնորհաւորած են բոլորին, գլխաւորապէս` հայերուն Ս. Զատիկը:
Կարօ Փայլան այդ առիթով իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով գրած է. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Շնորհաւոր Ս. Զատիկ:
Baris icinde, mutlu Paskalyalar!
Happy Easter!»
Ներկայացնելով օրուան խորհուրդը` Սելինա Տողան նոյնպէս շնորհաւորած է հայերուն Ս. Զատիկը:


