Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 26 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ` մրցելու համար Ամալ Մաարաքէի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Քֆարժոզի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէին ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի կազմը պէտք է իր ամէն կարելին ընէ` 3 կէտով վերադառնալու համար հարաւէն: