Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 10, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան քննադատեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կատարած յայտարարութիւնները` զանոնք նկատելով պետութենէ դուրս զէնքը պահպանելու արդարացումներ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախկին նախարար Հասան Մնայմնէ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ձախողած են ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրով: Ան աւելցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը սերտէ խորհրդարանին մէջ այդ ծրագիրին ի նպաստ քուէարկելու կարելիութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ալի յայտնեց, որ իրեն դէմ ամերիկեան դատապարտումները պատուոյ շքանշաններու համազօր են:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ եթովպիական ջախջախուած օդանաւին իմաստով ճշմարտութիւնը կարելի պիտի ըլլայ բացայայտել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը պիտի չորդեգրէ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ նշեց, որ երբ կառավարութիւնը քննարկէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի աշխատանքներուն ֆինանսաւորման թղթածրարը, իրենք համաձայն պիտի գտնուին այդ ատեանին ֆինանսաւորման:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը կը ծառայէ բոլոր լիբանանցիներու շահերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան ծրագիրին վաւերացման առումով լիբանանցի քաղաքացին է օգտուող հիմնական կողմը:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ պատասխանելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի յայտնեց, որ իրենք դէմ են ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդ. Ուիսամ Հասանի պաշտօնազրկման:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը պիտի չձախողի խորհրդարանին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ լարուածութիւնը աւելի եւս պիտի շեշտուի, եթէ այդ վարչակարգը կարելի չըլլայ տապալել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգին փլուզման մասին կատարուող յայտարարութիւնները երազներու համազօր են` աւելցնելով, որ Սուրիա հզօր է եւ աւելի եւս պիտի հզօրանայ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնները կը հանդարտեցնեն բոլոր այն ուղեղները, որոնք գրաւ կը դնեն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին տապալումին վրայ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեց, որ այդ ուժերը կը ծառայեն ամբողջ Լիբանանի ապահովութեան` աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերն են, որոնք ստանձնած են գործակալները հալածելու պարտականութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին ոչինչ կը խնայեն ամէն ուղղութեամբ սադրանքներ նախապատրաստելու առումով:

 

 

 

Նախորդը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆԻ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Յաջորդը

ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄ Է»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.