Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆԻ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

September 10, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՇԵԼ ԷՏՏԷ ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՆՈՒԻՐԵՑ 25 ՀԱԶԱՐ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` ուրբաթ, 9 սեպտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեանի «Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները` ճշմարտութի՞ւն, թէ՞ խաբէութիւն» արաբերէն գիրքի շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով արտասանեց Ճորճ Սապունճեան, որ նշեց, թէ այս հաւաքին նպատակը պարզապէս գիրքի շնորհահանդէս չէ, այլ լուսարձակի տակ առնելով հայ-թրքական յարաբերութիւնները, կը միտի հարցը բեմահարթակ բերել: Ապա Սապունճեան ներկայացուց Սասունեանի հակիրճ կենսագրութիւնը:

Ճորճ Սապունճեան
Դոկտ. Նորա Արիսեան

Ապա խօսք առաւ գիրքը արաբերէնի թարգմանող դոկտ. Նորա Արիսեան, որ նշեց, թէ Յարութ Սասունեան այն խմբագիրն է, որ լաւապէս կը ճանչնայ հայութիւնը եւ անոր խնդիրները, եւ ունի գրելու իր իւրայատուկ եղանակը:

Ան ըսաւ, որ Սասունեանի յօդուածները ունին առարկայական հիմք եւ յստակ աղբիւրներ, որոնցմէ են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ մամուլն ու պետական յայտարարութիւնները:

Դոկտ. Նորա Արիսեան նաեւ  յայտնեց, որ գիրքին մէջ հեղինակը բնորոշած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն խորքը, թրքական յետին նպատակներն ու քաղաքական մօտեցումները:

Շնորհահանդէսին երկրորդ խօսքը արտասանեց գիրքի յառաջաբանի հեղինակ, նախկին նախարար Միշել Էտտէ, որ ըսաւ, թէ մտաւորական Յարութ Սասունեան իր ուսումնասիրութիւնները կը հիմնէ մարդկային իրաւունքներու վրայ, որպէսզի հասնի իրականութեան եւ արդարութեան: Ան հաստատեց, որ կարելի չէ ծածկել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, որուն բացայայտման մէջ Սասունեան ունի իր մեծ դերակատարութիւնը:

Միշել Էտտէ

Էտտէ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն եւ հայերուն միջեւ գոյութիւն ունին բազմաթիւ հասարակ յայտարարներ, որոնք ոչ միայն անցեալին հետ կապ ունին, այլ նաեւ ներկային: Ան աւելցուց, որ այդ կապը հիմնուած է փոխադարձ եւ իւրայատկութիւններու յարգանքի վրայ:

Նախկին նախարարը յայտնեց, որ բազմաթիւ լիբանանահայեր Լիբանանի զարգացման մէջ իրենց մեծ դերակատարութիւնը ունեցած են, եւ այս իրողութիւնը կ’ընդունին բոլոր լիբանանցիները անխտիր: Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը լիբանանեան ընկերութեան հիմնական բաղկացուցիչներէն մէկն է, որ մնայուն կերպով ծառայած է երկրին:

Այս առիթով, նախկին նախարար Էտտէ յայտարարեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան կը նուիրէ 25 հազար ամերիկեան տոլար:

Օրուան վերջին խօսքը արտասանեց «Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները` ճշմարտութի՞ւն, թէ՞ խաբէութիւն» գիրքի հեղինակ Յարութ Սասունեան, որ յայտնեց, թէ այս աշխատանքը հիմնուած է բազմամեայ ուսումնասիրութեան վրայ, որուն մեկնակէտն է բացայայտել ճշմարտութիւնը: Ան ըսաւ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կասեցման վերջին քայլը առաւ թրքական խորհրդարանը, որ իր օրակարգէն դուրս հանեց Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման հարցը:

Յարութ Սասունեան

Սասունեան շեշտեց, որ կատարուածը դիւանագիտական խաղ մըն է, որ չունի լրջութիւն եւ յարաբերութիւնները կայացնելու խորք:

Յարութ Սասունեան նաեւ շեշտեց, որ պաղեստինցիները կարիք չունին Թուրքիոյ նման կեղծ բարեկամի մը, որուն իսկական դիմագիծը արդէն օրըստօրէ կը բացայայտուի: Սասունեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին, նախկին նախարար Միշել Էտտէին, դոկտ. Նորա Արիսեանին, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին եւ «Ազդակ»ին, որոնք նպաստեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Ձեռնարկի աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետ Վաչէ Ծատուրեան յուշանուէրներ յանձնեց նախկին նախարար Միշել Էտտէի եւ Յարութ Սասունեանի` առ ի գնահատանք իրենց կատարած աշխատանքին:

Շնորհահանդէսի պաշտօնական բաժինին յաջորդեց գիրքին մակագրումը:

 

 

Նախորդը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.