
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ «Սըրսոք» թանգարանի տնօրէնութեան, երէկ` հինգշաբթի, 17 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, բացումը կատարուեցաւ Ասատուրի «Բնութիւնը շարժումի մէջ» խորագիրով գործերու ցուցահանդէսին` «Սըրսոք» թանգարանի վերանորոգուած սրահներուն մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ եւ ոչ հայ արուեստասէրներու:
«Վստահ եղէք, որ երբեք ապահով դուրս պիտի չգաք Ասատուրի ցուցահանդէսէն: Այն պատկերները, զորս պիտի դիտէք, պիտի հետապնդեն ձեզ երկար ժամանակ», յայտարարած էր Ասատուրի գործերու սիրահարներէն Փիեռ Քըրտահի` 1995-ին: Ու իրապէս, այսօր` 21 տարիներ ետք, Ասատուրի գործերուն սկզբնական նայուածքը մագնիսի նման քեզ կը հրապուրէ ու կը մղէ, որ դիտես եւ դարձեա՛լ դիտես` թափանցել կարենալու համար արուեստագէտի ոլորապտոյտ գիծերու եւ գոյներու աշխարհին մէջ»:
Բացումի հանդիսութեան, արուեստասէր հրաւիրեալները ակամայ «զօրաշարժ»-ի մատնուած էին` «դեգերելով» «Սըրսոք» թանգարանի վերանորոգ ու բազմաճիւղ սրահներուն մէջ: Պարզուող պատկերներու գեղեցկութեան մէջ անոնք կը փնտռէին իրենց բազում հարցումներուն պատասխանը, որ որքան ալ զարմացնող, խթանող, խորասուզող` կը յանգէր կատարեալին, սքանչելիին:
Նմանապէս եւ զօրաշարժի մատնուած էր թանգարանի անձնակազմը` տնօրէնութենէն մինչեւ բաժանմունքներու պատասխանատուները: Իւրաքանչիւրը իր պարտականութիւնը կը կատարէր առաքելութեան մը հաւատքով` շունչ ու ոգի տալով Ասատուրի մունջ, բայց պատգամող պատկերներուն:
«Հակառակ անոր որ Ասատուր Լիբանանէն մեկնեցաւ երիտասարդ տարիքին, սակայն ան պահեց իր մտերմիկ իւրայատուկ կապը այս երկրին եւ անոր ժողովուրդին հետ, ինչ որ յանգեցաւ Լիբանանի մէջ իր արուեստի սիրահարներուն հաստատ ու հաւատարիմ խարիսխի ու ենթահողի կազմաւորման», կ՛ըսէ թանգարանի տնօրէն Զէյնա Արիտա` յատուկ այս առիթով պատրաստուած հատորի մը մէջ:
Նմանապէս, նաեւ թանգարանի յայտագիրներու եւ ցուցահանդէսներու պատասխանատուն` Նորա Ռազիան եզակիօրէն կը մեկնաբանէ Ասատուրի գործերը: Ըստ Ռազիանի, թէեւ Ասատուրի գործերը առնչակից չեն պատմական յստակ դէպքերու, այսուհանդերձ կարելի է զանոնք ըմբռնել 20-րդ դարու մեծ արհաւիրքներուն լոյսին տակ` հոն պրպտելով պատմական բրտութիւններու, արմատախիլ եղած լայնատարած աշխարհագրութեան կուտակուած բեկորներ: Ժամանակի, վայրի եւ մարմնի նկատմամբ Ասատուրի սէրն ու կիրքը ընկերացաւ արուեստագէտին, անոր ստեղծագործական կեանքի տեւողութեան:
Իսկ արուեստի քննադատ, լրագրող Ժոզեֆ Թարրապ, որ հիւրաբար հրաւիրուած էր մեկնաբանելու Ասատուրին գործերը, խոր վերլուծութեամբ անդրադարձաւ արուեստագէտի պատանեկութեան օրերու պայմաններուն, անոր գեղանկարիչի իւրայատուկ հմտութեան, զոր կարելի չէ դասել կամ վերագրել արուեստի որեւէ դպրոցի պատկանելիութեան: «Իր գլուխ գործոցներուն ընդմէջէն, Ասատուր կրցաւ «ակնարկել» մերօրեայ հիմնահարցերուն, առանց իսկ «շօշափած» ըլլալու տպաւորութիւնը ձգելու, ինչպէս` պատմութեան սնոտիութիւնը, քաղաքակրթութեան փխրուն դիւրաբեկութիւնը, մարդ արարածի մեքենայացումը, ազատութեան աղօտ շիջումը, երկրագունտի ճակատագիրը, մարդկութեան ապագան, ամէն առաւօտ մեր քողազերծած կորուսեալ հորիզոնները…», կ՛ընդգծէ Թարրապ:
Երէկ երեկոյ «Սըրսոք» թանգարանին մէջ Ասատուրի ցուցահանդէսին բացումը իրաւամբ կարելի է արուեստի մարզին մէջ պատմական օր նկատել: Մտաւորականներ, երեսփոխաններ, նախարարներ, արուեստագէտ դէմքեր ու արուեստասէրներ, իւրաքանչիւրը ստեղծագործական իր ներաշխարհին թեւ ու թռիչք տուող այս եզակի դէպքին տուաւ երանգ մը, իւրայատուկ դրոշմ մը, լիբանանեան թէ արաբական դրոշմ, բայց անպայմա՛ն հայատիպ աւիշով խթանուած դրոշմ:
Ասատուր չհետեւեցաւ արուեստի աւանդական դպրոցներու չափանիշներուն: Իր տարօրինակութիւններու հրաշագեղութեամբ ստեղծեց ի՛ր դպրոցը, Ասատուրի՛ ոճը:
Արուեստի սիրահարները երէկ «Սըրսոք» թանգարանին մէջ ցուցադրուած Ասատուրի պատկերներուն ընդմէջէն պահ մը վերապրեցան Լիբանանի նախապատերազմեան կեանքի ու ցնծութեան, ստեղծագործութեան երբեմնի կենարար մթնոլորտը:


