
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 9 մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անցողական հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան:
Բացման խօսքը ներկայացուց առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան շնորհաւորեց ներկաները Կիներու միջազգային օրուան` Մարտ 8-ի առիթով` նշելով, թէ ինչպէ՛ս հայ կինը դարերու ընթացքին ներդրում ունեցած է ընկերային – հասարակական կեանքին մէջ: Դասախօսութեան նիւթին գծով ան յայտնեց, որ անցողական հիւանդութիւնները վարակումով կամ այլ պատճառներով պատահող հիւանդութիւններ են` շնչառական, միզամանի, մարսողական գործարաններու. այդ հիւանդութիւնները կարելի է հակակշռել եւ բուժել բժշկական անմիջական դարմանումով, այլապէս անոնք կրնան բարդութիւններ յառաջացնել եւ երբեմն դառնալ անբուժելի:
Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով, թէ ի՞նչ է անցողական հիւանդութիւնը:
Որո՞նք են անցողական հիւանդութիւնները.
1.- Գլխացաւը.- Պատճառը կրնայ ըլլալ պրկուածութիւնը կամ անգարը (Միկրեն): Գլխացաւը նաեւ առկայ է հարբուխի` կրիփի եւ այլ վարակումներու ընթացքին:
2.- Խոռոչատապը.- Երբ քթային անցքի զանազան խոռոչները կը բորբոքին: Երբ կրիփ կ՛ըլլանք, անոնք կրնան բորբոքիլ եւ կը զգանք ճնշուած ցաւ մեր դէմքին վրայ:
3.- Չոր կոկորդը կամ կոկորդի ցաւը.- Գլխաւոր պատճառը ժահրային վարակումն է, յաճախ մարմինը կը բուժէ զայն, առանց հակամարմիններու օգտագործութեան:
4.- Հազը.- Հազի պատճառը յաճախ զանազան ժահրերու կամ մանրէներու արդիւնք կրնայ ըլլալ, երբ առկայ է հարբուխը:
5.- Պնդութիւնը կամ փորկապութիւն.- Յաճախ պատճառը կ՛ըլլալ մեր սնունդի տեսակը` իբրեւ արդիւնք հեղուկներու նուազ օգտագործումին:
6.- Փորհարութիւնը եւ փսխունքը.- Պատճառները կրնան ըլլալ զանազան ժահրերու վարակումները:
7.- Լեարդաբորբի Ա. ժահրի (Հեփաթիթ Ա) վարակումը.- Ուր կը տեսնենք 15-21 օրեր, երբ մարմինը իր բնական պայմաններով կը պայքարի չէզոքացնելու համար ժահրը:
Յաջորդ բաժինով տոքթ. Այնթապլեան բացատրեց մարդու մարմնի դիմադրողական համակարգը:
ա.- Բնածին դիմադրողականութիւն.- Ասիկա առաջին կարգի պայքարող համակարգն է, ուր կայ մաշկն ու զանազան լորձնաթաղանթները, որոնք կը պատեն զանազան օրկանները:
բ.- Յարմարած դիմադրողականութիւն.- Ունի երկու կարեւոր բջիջներ` «Պի» եւ «Թի»: «Պի» բջիջները կը պատրաստեն հակամարմինները, իսկ «Թի» բջիջները կը փճացնեն ժահրերը եւ կ՛արտադրեն «Ինթըրֆերոն»-ը, որ կը կասեցնէ ժահրի բազմանալը:
Այս բաժինի աւարտին դասախօսը մանրամասն նկարագրեց, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ մարմինը վարակուի ժահրով մը, եւ ինչպէ՞ս դիմադրողական համակարգը կ՛աշխատի ու կը հակազդէ` չէզոքացնելով ժահրը:
Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:րը կը փճացնեն ժահրերը եւ կ՛արտադրեն «Ինթըրֆերոն»-ը, որ կը կասեցնէ ժահրի բազմանալը:


