Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյրան Օհանեան Անակնկալօրէն Զօրամաս Այցելած Է

March 5, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Seyran_030416

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 4 մարտին անակնկալօրէն այցելած է բանակի զօրամասերէն մէկը: Ան ծանօթացած է զինուորներուն ֆիզիքական, մարտական եւ բարոյահոգեբանական պատրաստուածութեան, հետեւած է անձնակազմի զարթնումին, առաւօտեան մարմնամարզանքներուն, անոնց ճիշդ եւ արդիւնաւէտ գործադրութեան կարգին ու ժամանակացոյցին:

Նախարարը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ զօրամասի խնամական կազմի` հերթապահներուն եւ օրապահներուն պարտականութիւններու իմացութեան, դասացուցակներուն եւ, ընդհանուր առմամբ, ծառայութեան կազմակերպման առնչուող անհրաժեշտ փաստաթուղթերու առկայութեան:

Այցելութեան աւարտին նախարարը նախաճաշած է զօրամասի զինուորներուն հետ, սնունդին գծով իր գոհունակութիւնը յայտնած է:

Յանկարծակի ստուգման ընթացքին արձանագրուած որոշ թերութիւնները վերացնելու համար Սէյրան Օհանեան կարգ մը մատնանշումներ կատարած է եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած զօրամասի հրամանատարութեան:

Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` նուիրուած փետրուար 2016-ին բանակին մէջ եղած աշխատանքներուն եւ անոնց արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ մարտ ամսուան ընթացքին կատարուելիք աշխատանքին:

Նախարար Օհանեան խորհրդակցութեան մասնակիցներուն ուշադրութեան յանձնած է ուսումնական հանգրուանի սկիզբի ծիրին մէջ իրականացուած մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստականութեան վերաբերող քայլերը, հաշուետու ժամանակաշրջանին զօրամասերուն ու մարտական յենակէտերուն մէջ անձնակազմի զգօնութեան եւ կարգապահութեան, անվտանգութեան կանոններու պահպանումը, զինուած ուժերու ծրագիրներու ճշգրիտ գործադրութիւնը:

Նշելով, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին պատշաճ կերպով շարունակուած են զինուած ուժերու պատրաստութեան նախագիծերը` նախարար Օհանեան մարտավարաշարային մարզումները եւ մարտական պատրաստակամութեան ստուգման յանկարծակի արդիւնքները կարեւոր նկատած է, որովհետեւ անոնք կը փաստեն, որ հայկական զինուած ուժերը օժտուած են մարտունակութեան բարձր աստիճանով եւ ունակ են կատարելու առաջադրուած խնդիրները:

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Լոքեանը Շիրակի Նոր Մարզպետին Տուած Է Առաջին Յանձնարարականը Եւ Ներկայացուցած Է Արագածոտնի Մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեանը

Յաջորդը

Խմբագրական. 5 Մարտ 1927 – 5 Մարտ 2016

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.