Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Արուեստի «Ոսկի Ֆոնտ»-ը Հարստացաւ Նոր Ստեղծագործութեամբ Մը

March 4, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն իսկ կայացած ամերիկահայ գեղանկարչուհի Սիրուն Երէցեան, հակառակ իր առողջական ոչ նախանձելի վիճակին, չէ մոռցած «Ազդակ»-ը եւ իր «Մանտալա» շարքէն գեղեցիկ մանրանկարչական գործ մը կը նուիրէ «Ազդակ»-ին: Ան այս առիթով իր մտերիմներէն մէկուն ուղղուած ե-նամակի մը մէջ կը գրէ.

«Սիրելի՛ բարեկամս` Րաֆֆի,

«Իմ մասիս կարդացի «Ազդակ»-ի մէջ, կարծես կը կարդայի ուրիշ անձի մը մասին: Չհաւատացի, թէ գրուածը իմ մասիս է, եւ այնպիսի օրաթերթի մը մէջ, որ բաւական մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր երիտասարդութեանս»:

Նոյն առիթով այս անգամ մեր աշատակիցին ուղղուած այլ ե-նամակի մը մէջ կ՛աւելցնէ.

«Սիրելի՛ Մովսէս Ծիրանի,

«Կը մաղթէի, որ անձնապէս քեզ ճանչցած ըլլայի, նախքան արուեստի իմ գիրքիս հրատարակութիւնը, որ դուք էիք այն միակ անձը, որ խորապէս եւ բարձր մակարդակով հասկցաւ, զգաց ու վերլուծեց իմ արուեստս, ինչ որ ոչ մէկ ուրիշ գրող կրցաւ ընել` գրելով իմ գիրքիս մէջ»:

«Ան իր յարատեւ պայքարի ընթացքին իր  ստեղծագործութիւններուն մէջ կը դնէ «ճիչ» մը` իր կնոջական էութենէն, «ցոլք մը` իր մարդկային հոգիէն, «նշխար» մը` իր ազգային պատկանելիութենէն եւ կամ «բոց» մը` իր մանկական յիշողութիւններէն:

Այս առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք տաղանդաւոր եւ բազմակողմանիօրէն օժտուած յայտնի բանաստեղծ եւ գեղանկարիչ Սիրուն Երէցեանին, անոր կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում եւ բեղմնաւոր ստեղծագործական կեանք:

«Ա.»

Սիրուն Երեցեան
Սիրուն Երեցեան
Ալեքսան Պերլեան
Ալեքսան Պերլեան
Գէորգ Ուլաշեան
Գէորգ Ուլաշեան

***

Շահէ Գազան
Շահէ Գազան
Ստեփան Կրտսեր Թորոսեան
Ստեփան Կրտսեր Թորոսեան

Փարիզ մեր վերջընթեր այցելութեան ընթացքին` 2015-ի ամրան, հաճոյքն ունեցանք տեսակցելու նկարիչներ` Տիգրան Տատուրեանի, Շահէ Գազանի (Գազանճեան), Ալեքսան Պերլեանի (Պերեճիգեան) եւ Ստեփան կրտսեր Թորոսեանի հետ:

Բացի Ալեքսանէն, որ սուրիահայ է, յիշած անուններս լիբանանահայեր են:

Շահէ Գազան, Ստեփան Կրտսեր Թորոսեան եւ Ալեքսան Պերլեան սիրով նուիրեցին «Ազդակ»- օրաթերթին մէկական գործ (նկար կամ գծագրութիւն):

Շնորհակալութիւն բոլորին:

Յ. Թ.

Յ. Գ. Հետագային առանձին-առանձին պիտի անդրադառնանք այն արուեստագէտներուն, որոնց ցարդ չենք անդրադարձած «Ազդակ»-ի մէջ:

Նախորդը

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի Հայօճախը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Հայկազեան Համալսարանի Մէջ

Յաջորդը

Գեղեցկութիւն. Բնածին, Երեւակայածի՞ն, Թէ՞ Գեղագիտական Գործողութեամբ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.