ՏՈՔԹ. ՓԱՕԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ
28 յունիս 2026 թուականին իսրայէլեան կառավարութիւնը լման կազմով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար յայտարարեց, թէ «պատմական եւ բարոյական» որոշում մը տրուեցաւ, հակառակ անոր որ այս որոշումը դեռ վաւերացումի կը կարօտի խորհրդարանին կողմէ:
Իսրայէլեան խորհրդարանը տակաւին վերջնական որոշում չտուաւ, որովհետեւ Ազրպէյճան զօրաւոր ճնշում բանեցուց իսրայէլեան կառավարութեան վրայ:
Որոշ է, որ զանազան դիւանագիտական խաղեր տեղի պիտի ունենան, եւ վաճառականական ձեւով առուծախի վիճաբանութիւններ պիտի կատարուին:
Պէտք է յիշել, որ Հայաստան ճանչցաւ Իսրայէլի անկախութիւնը 25 դեկտեմբեր 1991 թուականին, երբ իր կարգին անջատուեցաւ Խորհրդային Միութենէն, եւ 4 ապրիլ 1992 թուականին դիւանագիտական յարաբերութիւն կնքուեցաւ:
Այս յարաբերութիւնը շատ դժուար եւ անկանոն ձեւով դասաւորուեցաւ, քանի որ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան միշտ ճնշում բանեցուցած են Իսրայէլի վրայ:
Անշուշտ Իսրայէլը շատ աւելի շահեր ունէր ազերիին եւ թուրքին հետ, եթէ հայ-հրեայ յարաբերութիւնները նախնական համաձայնութեան եւ պաղ աստիճանի վրայ մնային:
Վիճակը աւելի վատթարացաւ, երբ յունիս 2024-ին, Հայաստանը ճանչցաւ Պաղեստինի անկախութիւնը:
Անակնկալօրէն, հրեաներու` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ընդունումը շատ հարցման նշաններու առիթ տուին:
Առաջին հարցումը այն էր, թէ` ինչո՞ւ հիմա…:
Իսրայէլը հիմնուեցաւ 1948 թուականին, Եւրոպայի ջարդերէն ետք, հրեայ ժողովուրդը «լման ցեղի մը սպանդին»` Ողջակիզում կոչուած ցեղային սպանութեան իբրեւ հետեւանք Պաղեստինի հողին վրայ հիմնեց իր բնավայրը եւ կառավարութիւն մը, քանի որ, ըստ իրենց կրօնական պատմութեան, այս հողերը իրենց «խոստացուած» էին…
Հիմա չենք ուզեր այդ լաբիւրինթոս հարցերուն մէջ մխրճուիլ, բայց շատ հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ 1948 թուականէն ի վեր հիմա է, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը ընդունեց եւ ճանչցաւ մեր Ցեղասպանութիւնը…
1948-էն մինչեւ հիմա` 2026… այսինքն 78 տարիներ ետք:
Եթէ մօտէն սերտենք հարցերը, պիտի անդրադառնանք, որ հրեաները եւ թուրքերը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք սերտ կապեր հաստատեցին իրարու հետ, որովհետեւ այս 2 երկիրները արաբական աշխարհին հետ վատ յարաբերութեան մէջ էին:
Մէկ կողմէն հրեան` ամբողջ ցեղի մը կործանումէն ճողոպրած, նոր դուրս ելած էր փետուած հաւի նման, շուրջը թշնամի երկիրներէն պաշարուած, միւս կողմէն` թուրքը, որ արաբական աշխարհին հետ շատ վատ յարաբերութեան մէջ էր, մասնաւորապէս` արաբներուն հանդէպ իր կատարած ջարդերուն պատճառով:
Ծիծաղելի է յիշել, թէ մէկ կողմէն ջարդուողը (այսինքն` հրեան), իսկ միւս կողմէն` ջարդողը (այսինքն` թուրքը) իրարու հետ սերտ յարաբերութեան մէջ մտան, պարզապէս որովհետեւ երկուստեք իրենց հասարակաց թշնամին արաբն էր:
Չմոռնանք յիշեցնելու, թէ «ամբողջ ցեղի մը սպանդը»` Ողջակիզումը, ծնաւ Հայոց ցեղասպանութենէն տարիներ ետք` իբրեւ շարունակութիւն չպատժուած ոճիրի: Արդարեւ, Հիթլեր բացայայտ կերպով յայտարարեց. «Հիմա ո՞վ կը յիշէ հայերուն ցեղասպանութիւնը»: Ուրեմն թուրքին չպատժուած ոճիրին պատճառով Բ. Համաշխարհային պատերազմին նացի Գերմանիան, հանգիստ ձեւով կատարեց իր ոճիրը հրեաներուն դէմ:
Պատմութիւնը նոյն ձեւով ինքզինք կը կրկնէ եւ կը շարունակուի, եւ այսօր հրեան նոյն ձեւով ոճիր կը գործէ` Պաղեստինի ժողովուրդին նկատմամբ:
Հիմա մենք դատաւորի դեր պիտի չկատարենք եւ պիտի չդատենք այդ ցաւալի հարցերը, բայց ինչո՞ւ այսօր` 78 տարիներ ետք, հրեան որոշեց ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ի՞նչն էր, որ մղեց զինք այդ քայլը առնելու` բարոյականութի՞ւնը, խի՞ղճը, հայերուն սիրուն աչքե՞րը, թէ՞ քաղաքական կեցուածքի նպատակով առաւ այդ քայլը:
Տարիներու ընթացքին արաբական երկիրները, անորոշ կացութեան ենթարկուեցան` անմտութիւն, զանազան ձեւի ազատութիւն եւ գաղափարական հոսանքներէ տարուած, նասըրական, պաղեստինեան, քրտական շարժումներէն ցնցուած եւ Իրան-Իրաք պատերազմէն ազդուած, առիթ տալով հրեային եւ թուրքին, որ խուժեն այդ արաբական աշխարհին մէջ եւ զանազան ազդեցութիւններ ունենան` քաղաքական եւ զինուորական օգնութիւններով:
Այդ իսրայէլեան եւ թրքական մօտեցումը խախտիլ սկսաւ, երբ թուրքը պաղեստինցիներուն, իսկ հրեան քիւրտերուն թիկունք կանգնեցան եւ իրենց նպատակներն ու անձնական շահերը առաջնահերթ սեպելով` բոլորովին իրարմէ բաժնուեցան: Այսպիսով ալ 2 երկիրները ձեւով մը թշնամի եղան եւ առիթները օգտագործեցին իրարու դէմ գործելու, մանաւանդ` Սուրիոյ մէջ, ուր զիրար խածնելու առիթները օգտագործեցին, կամ կը ջանան օգտագործել:
Հոս է, որ 78 տարի ետք Իսրայէլը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ օգտագործուեցաւ թուրքին դէմ Իսրայէլի պայքարին իբրեւ մաս:
Երբ թուրքը ըսաւ, որ Իսրայէլը պաղեստինցիները ցեղասպանութեան կ՛ենթարկէ, Իսրայէլը իր փոշոտ դարակներէն հանեց հայերուն թղթածրարը եւ յիշեցուց թուրքին, թէ ինք եւս անցեալին նոյն ձեւով հայերուն հանդէպ ցեղասպանութիւն գործած էր:
Նպատակը յստակ էր, այս առիթով էր, որ 78 տարիներ ետք մեզի գոհացում տրուեցաւ` անշուշտ քաղաքական նպատակներով:
Տարիներ շարունակ մեր Ցեղասպանութեան հարցը մէկդի նետուած էր թուրքին եւ ազերիին հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները չխանգարելու միտումով, բայց երբ այդ շղթան կտրուեցաւ ու փշրուեցաւ, այն ատեն մեզ յիշեցին` ցաւալի կերպով:
Չեմ կարծեր, թէ հայերը ուրախ մնացին, երբ Իսրայէլը յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Յստակ էր, որ թուրքին լռեցնելու նպատակով ըրաւ` պարզապէս յիշեցնելով անոր, թէ` «Պաղեստինցիներուն մասին շատ մի՛ խօսիր, ես հայերուն հարցը մէջտեղ կը հանեմ»:
Վերջ ի վերջոյ, հին ջարդերու պատմութիւնները կ՛օգտագործուին ներկայ երկիրներու աղտոտ հաշիւներուն համար:
Դժբախտաբար ցաւալի իրականութիւն մըն է, որ աւելի քան 100 տարի առաջ ջարդուած ժողովուրդի մը արիւնը կ՛օգտագործուի երկիրներու շահերուն համար, կեղծաւորութեան գագաթնակէտը սահման չունի. արիւնը, պատիւը, կրօնը, ընտանիքը ոչ մէկ արժէք ունին:
Ժամանակին նշանաւոր իտալացի դիւանագէտ եւ գրող Մաքիավելլին ըսած է, թէ` «Ի՛նչ միջոց կ՛ուզես գործածէ, կարեւորը նպատակիդ հասնիլդ է»:
Այս ձեւով, մեր ջարդուած դիակները ոտնակոխելով, երկիրներ իրենց քաղաքականութիւնը կը քալեցնեն, 78 տարի սպասեցին այդ որոշումը տալու` մոռնալով, թէ «ամբողջ ցեղի մը սպանդը» (Ողջակիզումը) տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ մնալուն պատճառով, իրապէս ալ իրաւունք ունէր Հիթլերը, երբ ըսաւ. «Ո՞վ պիտի յիշէ հայերուն ցեղասպանութիւնը…»:
Իսրայէլը յիշեց Ցեղասպանութենէն 111 տարիներ ետք, իր պետութիւնը հիմնելէն 78 տարիներ ետք, բայց պարզապէս իր անձնական շահերէն մեկնած, ոչ ուրիշ բան:
Երբ կ՛ըսենք` յիշեց, ըսել կ՛ուզենք` ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը իր կառավարութեան լման կազմով, բայց դուռը բաց ձգեց թուրքերուն յաջորդ շարժումին: Արդարեւ, Իսրայէլի խորհրդարանը տակաւին չվաւերացուց կառավարութեան որոշումը, որ կախում ունի թուրքին յաջորդ որոշումներէն, այնպէս որ, Ցեղասպանութեան հարցը կշիռքի վրայ է, պազարը տակաւին վերջացած չէ:
Անգլիացիները կ՛ըսեն. «Wait and see» (Սպասէ եւ տես): Մենք ալ, ուզենք կամ չուզենք`, պիտի սպասենք յաջորդ շարժումները այս երկու երկիրներուն, որպէսզի գիտնանք ու տեսնեք, թէ ի՛նչ վախճան պիտի ունենայ մեր Ցեղասպանութեան ճանաչման թղթածրարը:
Աստուած մեզի համբերութիւն տայ այս կեղծ աշխարհին մէջ:


