Այսօր երեկոյեան լիբանանահայութիւնը ժամադրուած է «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ` իր յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրքը մատուցելու տասնեակ տարիներ նոյն սրահի բեմին վրայ, ինչպէս նաեւ գաղութային այլ մշակութային նախաձեռնութիւններու իր սիրայօժար եւ պատրաստակամ մասնակցութիւնը բերած, սփիւռքահայ ժամանակակից ասմունքող վարպետ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանին: Օրին, անոր անսպասելի մահուան առիթով կարելի չեղաւ արժանի յարգանքը մատուցել, եւ ան իր աչքերը փակեց իր սիրելի Լիբանանէն հեռու: Այսօր, ահաւասի՛կ, առիթը կ՛ընձեռուի մեզի այդ յարգանքը մատուցելու:
Իրմայի վաստակը մեծ է լիբանանահայ կեանքի մշակութային, կրթական եւ ռատիօ- հաղորդավարութեան բնագաւառներու մէջ: Անոր ասմունքը կը մագնիսացնէր հանդիսատեսը, կը յղէր հարազատ պատգամը, ինչպէս նաեւ կը մեծարէր հեղինակները: Թատրոնի մէջ անոր հեղինակաւոր ներկայութիւնը կը հարստացնէր ընդհանուր խաղարկութիւնը եւ կը ստեղծէր համապատասխան շարժում դերասաններուն մօտ: Իրմայի առաւօտեան ռատիօ-հաղորդումները ու իր անփոխարինելի «Բարի լոյս»-ը իբրեւ նշխար կը բաժնուէր բոլորին եւ կը դառնար` ուրախութեան արտայայտիչ, ցաւերու սփոփիչ, մտահոգութեանց փարատիչ եւ, վերջապէս, յուսալից օրուան մը քաղցր ձայն: Ուսուցչական ասպարէզին մէջ իր երկարամեայ ծառայութիւնը նաեւ անմասն չի մնար իր վաստակէն եւ կոչումէն:
Այսօր Իրմային մեր մատուցած յարգանքով փաստօրէն մեծարած պիտի ըլլանք անոր տարիներու վաստակը, զոհաբերութիւնը եւ ներդրումը լիբանանահայ կեանքին մէջ: Այսպիսի արժէքներու նկատմամբ մեր մօտեցումը, անկախ ենթակային հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքէն` աւելի խորիմաստ պատգամ կը պարփակէ: Հանրային ու հաւաքական ծառայութեան մէջ այսպիսի տիպարներու օրինակը պէտք է դառնայ համակող, որպէսզի հայութեան ազգային արժէքները մնան իրենց հարազատ պատուանդանին վրայ: Կամաւորական այս ծառայութեան ոգին պէտք է պահել գերիշխող այսօրուան այլասերիչ ու հաշուենկատ միջավայրին մէջ, ուր շատ բան դարձած է առեւտուր:
Ահաւասիկ անձ մը, որ իր ծառայութիւնը մատուցեց` առանց դոյզն ակնկալութեան, եւ իր հոգեկան գոհունակութիւնը ապրեցաւ հանդիսատեսին եւ ունկնդիրին` իրեն տուած գնահատանքով ու ծափահարութեամբ:
Վստահաբար պիտի չզլանանք աւելի քան 40 տարիներ համայնքին ծառայած ազնիւ հայորդի մը յարգելու համար միայն մէկ ժամ զոհելու մեր առօրեայէն, որպէսզի ոչ թէ միայն յարգած ըլլանք զինք, այլ անգամ մը եւս լեցուինք ներքին հպարտութեամբ ու ոգեւորութեամբ եւ դարձեալ վկայենք, որ մեր միջավայրը միշտ ալ հայ կեանքին ձօնած է տաղանդներ եւ ականաւոր դէմքեր:
Այսօր դարձեալ առիթը տրուած է մեզի հանդիպելու Իրմային հետ: Չփախցնենք այս առիթը:



